Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դիմացս ունիմ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի «Բառգիրք հայերէն լեզուի» բառարանը, որուն մէջ միութիւն բառը կը բացատրուի որպէս «համաձայնութիւն», «միացում» եւ «ընկերակցութիւն», իսկ որպէս բայ՝ միացնելը բացատրուած է «իրարու կցել», քով քովի բերել», «համախմբել» եւ «միաւորել» բառերով:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի երդիքին տակ անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալուեցան «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետուհի Նատին Փիլիկօղլու եւ փոխ-ատենապետուհի Գարին Շէշէթեան։ Թարգմանչաց տօնին յաջորդած հայ մշակոյթի շաբթուան ձեռնարկներու շրջանակներէն ներս կազմակերպուած էր այս հանդիպումը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուեցաւ Տ. Արամ Քհնյ. Ասատրեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ տնօրինութեան համար հիմք ծառայած են Արագածոտնի թեմակալ առաջնորդի զեկուցագիրը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Պարգեւներու շնորհման եւ կարգապահական հարցերու յանձնախումբի եզրակացութիւնը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրէն խումբ մը սաներ, որոնք այս շրջանին քաղաքս կ՚այցելեն՝ իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Օրթագիւղի ընտանիքի վարիչները, որոնք փութացած էին որդիաբար ցաւակցութիւն յայտնել նորոգ հանգուցեալ տիրահայր Յակոբճան Մաշալեանի կորուստին առթիւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2025

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ երէց սերունդի մտաւորականներէն Գէորգ Պետիկեան արժանացած է պատուաբեր մրցանակի մը։ Ան վեթերան սիւնակագիր մըն է, որ արեւմտահայերէնով լրատուամիջոցներու ընթերցողներու յարգանքն ու համակրանքը կը վայելէ, նաեւ թերթիս պատուակալ աշխատակիցներու շարքին է։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2025

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2025

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մասնաւոր ծրագրով մը նշուեցաւ Հայ մշակոյթի շաբաթը՝ ի շարունակութիւն Ս. Թարգմանչաց տօնին։ Դպրոցի տղաքը զանազան ձեռնարկներով եւ աշխատանոցներու մասնակցելով նոր գիտելիքներ ամբարեցին՝ մանաւանդ իւրացնելով տօնին խորհուրդը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2025

Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը։ Սա ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքին չորրորդն էր

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2025

Եւրոմիութիւնը Կեդրոնական Ասիա ուղղուելու ճանապարհին յատուկ նշանակութիւն մը կու տայ Թուրքիոյ՝ մինչ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութիւնը կը խթանէ ծրագրերը:
Երեւան կ՚առաջարկէ, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը եւ TRIPP-ը ներառուին Պրիւքսէլի «Կլոպալ դարպասներ» նախաձեռնութեան. պարզ խօսքերէ կամ յաւակնոտ տեսլականէ անդին՝ հրամայական:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր ժողովուրդը տակաւին չկրցաւ հասկնալ, որ երկիրի մը եւ կամ գաղութի մը «տէր»ը ո՛չ թէ անոր գլուխը գտնուող ղեկավարներն ու պատասխանատուներն են՝ այլ իրե՛նք են եւ եկեղեցին, դպրոցը, միութիւններն ու մնացած բոլորը ազգապատկան ըլլալով՝ նախ եւ առաջ իրենց կը պատկանին եւ ապա միւսներուն:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Երէկ երեկոյեան, «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի հերթական բաց ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Ո՞ւր պիտի հասնինք։
Դեռ ո՞ւր կրնանք հասնիլ։
Թերահաս պատանիներու պէս՝ մատներով պատկերած սրտիկին հետ «Ձեզ շատ եմ սիրում» գրելով՝ առաւօտուն իր «սիրեցեալ» ժողովուրդը ողջունող մեր վարչապետին առաջնորդած Հայաստանի չորրորդ հանրապետութեան իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչները Արագածոտնի թեմէն ներս թեմակալ առաջնորդին եւ հոգեւոր սպասաւորներու դէմ անօրէն գործողութիւններ գործադրեցին. անիրաւ ու անհիմն խուզարկութիւններով զանոնք բերման ենթարկեցին, անոնց գտնուած վայրերը թաքցուցին եւ փաստաբանական աջակցութիւն ստանալու առիթ չտուին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին երէկ սրբադասեց հայ կաթողիկէ կղերէն 1915-ի նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանը, որու առընթեր եւս վեց հոգի մաս կազմեց երանելիներու շարքին։ Վատիկանի Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցաւ սրբադասումը՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի հանդիսապետութեամբ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Այսօր, Լիւքսեմպուրկի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութեան՝ «Միջտարածաշրջանային անվտանգութիւն եւ փոխկապակցուածութիւն» նիւթով նախարարական հանդիպումը։ Սա, ըստ էութեան, ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքն է՝ ընդլայնուած կազմով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Երէկ առաւօտ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ Ս. Պսակի խորհրդակատարութեան մը հանդիսապետելու համար հրաւիրուած էր Հայաստան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025

Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ս. Աւետարանիչներու յիշատակութեան տօնին առթիւ պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Էջեր