Արխիւ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է յայտնի արուեստագիտուհի Անթա Թորոս (Անթառամ Թորոսեան), որու կորուստը իսկապէս ցաւալի է եւ խոր յուզում յառաջացուցած է գեղարուեստասէր շրջանակներէ ներս։
Երեւանի եւ Իսլամապատի միջեւ հաստատուեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Իշաք Տար համապատասխան փաստաթուղթը երէկ ստորագրեցին Թիէնծինի մէջ, ուր Չինաստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած է Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովը։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ։
«Sıfır Atık» (Զերօ արտանետում-թափօն) հիմնարկի եւ Թուրքիոյ յոյն համայնքի վաքըֆներու խրախուսման միութեան (RUMVADER) համագործակցութեամբ՝ երէկ երեկոյեան Ֆէնէրի մէջ տեղի ունեցաւ բնապահպանութեան հետամուտ կարեւոր ձեռնարկ մը։
Թուրքիա եւ Հայաստան անհրաժեշտ կը նկատեն շինիչ մօտեցումներու եւ խաղաղութեան պահպանումը:
Անգարա եւ Երեւան կը կարեւորեն փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորումը՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման նպատակով: Նախագահ Էրտողան եւ վարչապետ Փաշինեան միշտ հետամուտ կայունութեան:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Եւ յանկարծ… լրատուական միջոցները ողողուեցան Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր ու թանգարանի նորոգութեան լուրերով։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Անցեալ դարերու ընթացքին, մարդկութիւնը միշտ իր ցաւերն ու ցնցումները արտայայտելու եւ մեղմացնելու միջոց մը փնտռած է։ Այդ միջոցը յաճախ եղած է արուեստը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներու գրած իր նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը եւ չերեւցած բաներուն ապացոյցն է». (ԵԲՐ. ԺԱ 1)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայկունի, որուն գիրքերը չեն ծախուած, մտահոգ խմբագրատունէն դուրս եկած ատեն կը հանդիպի պրն. Վարդանեանին, որ ուրախանալով այս անակնկալ տեսակցութենէն՝ կ՚ըսէ. «Ձեր գիրքը ստացանք: Գրասիրաց միութեան անունով պարտականութիւն ունիմ խորին շնորհակալութիւն յայտնելու ձեր ձօնագրած թանկագին նուէրին համար:
2025-2026 կրթական շրջանը արդէն աստիճանաբար կը սկսի։ Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, աշնանամուտը կը բնորոշէ նաեւ վերամուտը։ Այսօր Հայաստանի մէջ կը վերաբացուին դպրոցները՝ մինչ 1 սեպտեմբերը կը նշուի՝ որպէս Գիտելիքի, գրի եւ դպրութեան օր։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւնները տեղի ունեցան հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ 30 Օգոստոսի Մեծ յաղթանակի տօնին առթիւ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հաւաքոյթներու։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տեսակէտէ վերջին օրերուն ուրախառիթ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, մեր սիւնակագիրներէն Հրայր Տաղլեան, որ թերթիս ընթերցողներու մեծ համակրագանքը կը վայելէ, նշանուեցաւ Սիրան Արապանեանի հետ։
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իշաք Տար ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Երկու նախարարներն ալ ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներով հանդէս եկան իրենց զրոյցին կապակցութեամբ։
Յաջորդ տարուան ընտրութեան ընդառաջ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտէն ներս կարեւոր խմորումներ եւ հեռանկարներ:
Սամուէլ Կարապետեանի նախաձեռնած «Մեր ձեւով» շարժումը տակաւ ծաւալուելով հասարակութեան կը ներկայացնէ իր տեսլականն ու ծրագրերը:
ՇՀԿ-ի գագաթաժողովը՝ Հարաւային Կովկասի մասին քննարկումներու հարթակ:
Անգարա եւ Մոսկուա կ՚արժեւորեն տարածաշրջանի իրավիճակը, Թեհրանէն միշտ ահազանգ կը հնչէ:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ ոգեւորութեամբ, արդար հպարտութեամբ ու աւանդական շուքով այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը ճակատարագրային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հաւանաբար քաղաքներու հիմնական առաքելութիւններէն է՝ դիւթել ու մարդիկը քաշել դէպի իրենց: Ինքնին քաղաքաշինութիւնը մարդկային հաւաքական կեանքի բարձրագոյն դրսեւորումն է, իսկ հին ու նոր քաղաքները ակամայ մրցավազքի մէջ են իրարու հետ, կերտելու մարդկային անհատական եւ ընդհանրական կեանքը ու այդ կեանքէն բխած տեղագործութեան, մշակոյթի, ընկերաբանութեան եւ ապրելաոճի աներեւակայելիի կարելին, միեւնոյն ժամանակ բանալով հաւանականութիւններու դռները ամէն ինչի դէմ, անվերջ կայմագործման ու հասցէագործման ընդմէջէն:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ օր մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք Լեւոն Մոզեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Այսօր պիտի ներկայացնենք անոր գրութիւններէն հատուածներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յառաջիկայ սեպտեմբերին Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա պիտի մեկնի Նիւ Եորք, ուր պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման։ Երկա՜ր ընդմիջումէ մը ետք, առաջին անգամ Սուրիոյ ղեկավարը ելոյթ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն՝ ներկայացնելով իր երկրի դիրքորոշումները եւ վերագտնելով որոշ չափով միջազգային օրինականութիւն մը։