Արխիւ
Երեւանի կեդրոնէն այս շրջանին ուշագրաւ դրուագներ կը հասնին, մասնաւորապէս Հիւսիսային պողոտային վրայ բոլորի հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ շէնքերու նկարազարդումը։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի անունը կը դասուի Գերմանիոյ ապագայ հաւանական նախագահներու շարքին։ Երկրի այժմու նախագահին՝ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի պաշտօնավարութեան ժամկէտը պիտի լրանայ 19 մարտ 2027 թուականին։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան՝ Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանիի հրաւէրին ընդառաջ։
Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի ՇՀԿ գագաթաժողովին եւ շուրջ ամիս մը վերջ պիտի այցելէ Ռուսաստան:
Հայաստան յաջորդ ամիս քննարկումներու պիտի սկսի Ատրպէյճանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ:
Անգարա կը շարունակէ դրական պատգամներով հանդէս գալ՝ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններուն շուրջ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Վաչէ Կէօվճելեան ծնած է Ատիս Ապապա, Եթովպիա: Հայրը եթովպահայ, իսկ մայրը՝ լիբանանահայ է: Մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ աշակերտած է Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլէճին, ապա գացած է Լոնտոն եւ վերադառնալով Պէյրութ՝ ուսումը շարունակած է Հայկազեան քոլէճին մէջ (այժմ՝ համալսարան):
Թուրքիոյ կողմէ լուրջ նախաձեռնութիւն՝ Միջերկրականի արեւելքին ազդեցութեան ամրապնդման համար:
Լիպիոյ մէջ Թուրքիա համաձայնութեան կը հասնի Հաֆթերի հետ, ինչ որ մտահոգութիւն կըը պատճառէ Յունաստանին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ երեկոյեան Հանրային հեռուստատեսութեան տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին նշեց, թէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը այլեւս իրողութիւն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ. Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարիներ առաջ էր, երբ հայրենակից Անդրանիկին հետ Լոռիի շրջանէն Երեւան կը վերադառնայինք: Սեպտեմբերի վերջերն էր: Լաւ կը յիշեմ: Աշնանամուտ: Եռօրեայ այս շրջապտոյտս կարծես զիս առաւել կապած էր հայրենի հողիս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մերօրեայ «նորարական բարեփոխութիւն»ները նկատի չունիմ կարծրատիպեր քանդելու որակումը տալով Անոյշ Նշանեանին: Ո՛չ: Այսօրուան «բարեփոխութիւն»ները իրականութեան մէջ ա՛լ աւելի կը խորացնեն այն վէրքերը, զորս մեր (Հայաստանի) կրթական համակարգը կը կրէ երկա՜ր տարիներէ ի վեր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէ՞ս կարելի է անխռով՝ խաղաղ սիրտ մը ունենալ։
«Ապա Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն.- Թող չխռովին ձեր սիրտերը։ Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ ինծի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կրնանք անկեղծօրէն ըսել, որ Հայաստանի թէ՛ ներկայ եւ թէ անցեալ իշխանութիւնները յաջող դիւանագէտներ էին. դիւանագէտ ո՛չ թէ որովհետեւ երկիրը դիւանագիտական գետնի վրայ յառաջ տարին, այլ դիւանագէտ՝ որովհետեւ ունէին դիւանագէտ ըլլալու ամենէն կարեւոր յատկութիւնները՝ կեղծիքն ու սուտը:
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ յիշատակին այն առասպելներուն, որոնք իր գործունէութեան ամբողջին մէջ պատմականօրէն հետք մը թողած են։ Այս տարի եւս, ակումբի նախաձեռնութեամբ, Գնալըի մէջ կազմակերպուեցաւ պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր հոգելոյս Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ծերակուտական Քրիս Ֆան Հոլըն նախընթաց օր տեսակցեցաւ Երուսաղէմի հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Ան լսեց Սուրբ Երկրի քրիստոնէական համայնքներու առկայ խնդիրները, որոնք միջազգային բեմահարթակի վրայ լուրջ ուշադրութեան կ՚արժանանան։
Հայաստանի բարձր թեքնոլոժիներու եւ արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան յայտնեց, որ ուսանողութիւնը երկրի նորարարութեան առաջամարտիկն է՝ ներկայանալով որպէս մեծ ուժ եւ առանձնայատուկ համայնք։
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իթամար Պեն-Կվիր վերջին օրերուն այցելեց Թիֆլիզ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի եւ ներքին գործոց նախարար Կելա Կելածէի հետ։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին հիման վրայ, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ստորագրեց հրամանագիր մը, որով երկիրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ունեցաւ նոր դեսպան մը։
Ս. Մարիամ Աստուածածնի ծնողներուն՝ Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի, նաեւ իւղաբեր կանանց յիշատակութեան տօնը երէկ նշուեցաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ, վերջին օրերուն Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցաւ վերապատրաստման դասընթացք մը։