Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մեր փողոցին վրայ քով-քովի շարուած բոլոր տուներէն ներս, Քիմի հիւանդութեան լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ: Քիմը՝ բոլորին միայն դէմքով ծանօթ քորէացի Քիմը, որ ամէն առաւօտ կանուխ, մեր փողոցին վերէն-վար, ամբողջ երկայքին ու լայնքին իբրեւ օրուան մարզանք, քանի մը անգամ կը չափչփէր, նոյնիսկ երբեմն քալած պահուն շուէտական մարզանքի ձեւեր ալ ընելով, այս օրերուն ծանր հիւանդ էր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Աղքատասիրութիւնը մարդուն օգուտ կու տա՞յ եւ մարդ պէ՞տք է աղքատասէր ըլլայ:
Պատասխան. Անշուշտ որ մարդ պէտք է աղքատասէր ըլլայ եւ աղքատասիրութիւնը մարդուն օգուտ կու տայ: Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Տուողին՝ Աստուած տասնապատիկը աւելի կու տայ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մաղաքիս Արք. Օրմանեան, իր «Խոհք եւ խօսք»ին մէջ՝ որ իր ինքնակենսագրութիւնն է, կը խորհրդածէ նաեւ կրօնական օր օրէնսգիտական սկզբունքներու վրայ՝ ՀԵ. հատուածին մէջ, 1918 թուականին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այժմ որ խօսեցանք երազներուն սատանայական եւ կամ կախարդական ըլլալ-չըլլալուն մասին, կ՚անցնինք երազներու մեկնութեան. վստահաբար շատեր հետաքրքրուած են, թէ երազահանները ինչքանո՞վ ճշգրիտ բացատրութիւններ կու տան եւ վերջապէս անոնց վերլուծութիւնը ինչի՞ վրայ հիմնուած է։
Շիշլի մարզակումբը այս տարի եւս կազմակերպեց ամրան ճամբար մը։ Հէյպէլի կղզիի մէջ կեանքի կոչուեցաւ այս քառօրեայ ծրագիրը, որուն մասնակցեցան ակումբի պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի մարզիկները։
Նորոգ հանգուցեալ ազգային երախտաշատ բարերար, համայնքային փորձառու վարիչ եւ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի կորուստով պայմանաւորուած տխրութիւնը շաբաթավերջին ալ զգալի էր թրքահայ կեանքէն ներս։
Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին դարձեալ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ իշխանութիւններուն ձեռնարկած հակաեկեղեցական արշաւին։
Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս այս օրերուն կը հիւրընկալուի Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ քննարկուեցան Երեւան-Փարիզ օրակարգի հարցերը, նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները։
Հայ ազգը խոր տագնապի պահու մը մէջ է: Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները ցնցումի ալիքներ կը յառաջացնեն թէ՛ երկրին մէջ եւ թէ սփիւռքի լայն տարածքին: Ինչպէս մեր ազգի պատմութեան բախտորոշ բոլոր հանգրուաններուն, ՀԲԸՄ ձայնը կը բարձրացնէ՝ կոչ ուղղելով զսպուածութեան եւ ազգային միասնականութեան:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական աթոռներուն եւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ յայտարարութիւններ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը իրերայաջորդ հրապարակումներով ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Սուրբ Էջմիածնի դէմ իշխանութիւններու պախարակելի ոտնձգութիւններուն, վարչապետի անձնական վրէժխնդրութեան, նաեւ եկեղեցականներու դէմ թշնամանքի ու ատելութեան խօսքի կապակցութեամբ:
Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, ապա վեհարանի տարածք խուժելու եւ այնտեղ աննախադէպ իրավիճակ յառաջացնելու մասին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ յունիսի 28-ին Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի պարագային դատարանի արձակած կալանաւորման եւ ազատազրկման որոշումը, որ ուղղակի հետեւանքն էր վարչապետի եւ իշխանութեան բարձրաստիճան միւս պաշտօնեաներու եկեղեցահալած քաղաքականութեան եւ եկեղեցականներու դէմ թշնամանքի ու ատելութեան խօսքի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երեւակայեցէք մէկը, որուն կեանքը օրէ օր աւելի յարափոփոխ ու անսպասելի կը դառնայ։ Մանկութիւնը անցուցած է տառապանքներով ու ցաւերով եւ կարծէք ժամանակը կանգ առած էր, սակայն հոգին՝ միշտ փափաքով լեցուն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ. Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ մարդ պէտք է պատասխանատու ըլլայ իր գործողութեան եւ արարքին լաւ եւ վատ հետեւանքներու համար, ան պիտի ունենայ առ այդ ոչ միայն որոշեալ չափահասութիւն կամ կատարեալ հասակ, այսինքն՝ առողջ եւ հասուն մտածողութիւն, այլ նաեւ «կամքի ազատութիւն», կամ որ նոյնն է՝ «յօժարակամ հաճութիւն»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր երազին ինչութիւնը մարդոց համար հարցական է. եթէ երազներ մեկնելը մոգութիւն է, ապա ինչո՞ւ համար Աստուածաշունչին մէջ թագաւորներ կ՚առաջնորդուէին երազներով. Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ համար երազներուն կարեւորութիւն կու տային:
ՀԱՅՐ ՏԱՈՒՏ ԼԱՄԷԻ
Հայացուց՝ ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդուն համար տառապանքը միշտ ալ խնդրայարոյց եղած է եւ մարդ միշտ կը փորձէ պատասխան մը գտնել, թէ ինք ինչո՞ւ կը տառապի, ցաւ կը կրէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ հայր՝ Զմիւռնիացի (Իզմիր) եպիսկոպոս, Յովհաննէս առաքեալի աշակերտ՝ համաքրիստոնէական սուրբ։ Ա. դարու այս մեծ եկեղեցական Հայրապետի մասին շատ քիչ ծանօթութիւններ հասած են մեզի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գուշակներու եւ մոգերու ամենէն հիմնական ճարտարութիւններէն մէկը երազներու մեկնութիւնն է. երազները մեկնելու սովորութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը: Պատմութիւնը կը փաստէ, որ մեր թուականէն արդէն իսկ հազարաւոր տարիներ առաջ Սումերներն ու այլ քաղաքակրթութիւններ երազներու մասին կը գրէին: