Արխիւ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ եռակողմանի կարճատեւ շփումներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ռուսաստանի մէջ աթոմային արդիւնաբերութեան սկիզբին 80-ամեակին առթիւ կազմակերպուած «Համաշխարհային աթոմային ուժանիւթի շաբթուան» շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները մեղաւոր ճանչցան Տ. Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանը:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին. «Հայրենի դատաիրաւական համակարգը ամբողջութեամբ կախուածութեան մէջ է իշխանութեան կամքէն»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ Դռնփակ հանդիպում մըն էր այս մէկը, որու սկիզբին ալ որեւէ յայտարարութիւն չկատարուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ, ուր կը գտնուին ՄԱԿ-ի նոր՝ 80-րդ նստաշրջանի բացման փուլին առթիւ։
Նախագահներ Էրտողան եւ Մաքրոն հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի Թրքական տան երդիքին տակ:
Թուրքիա կը շարունակէ բազում ջանք գործադրել՝ Ֆրանսայի հետ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը մասնակցի «Համաշխարհային աթոմային շաբաթ» խորագրեալ համաժողովին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ Պատրիարքը այս շրջանին Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուի՝ «Թեմփըլթըն» հիմնարկին կողմէ պարգեւատրուած ըլլալով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կենդանիները կը խնդա՞ն․ յաճախ պզտիկներ կը հարցնեն մեծերուն եւ կ՚ուզեն դիտել, թէ ինչպէ՛ս կը խնդան շունը, կատուն, ձին, կապիկը կամ իրենց սիրած մէկ այլ կենդանին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Օրերս տուն կը վերադառնայի, ինչպէս միշտ՝ քալելով: Ի տես ճամբաներու «բարւոք» վիճակին, միտքս եկաւ օրեր առաջ Հայաստանի առաջին դէմքին Վաղարշապատ քաղաքի փողոցներէն մէկուն հրապարակած նկարը, որուն ընկերացած էր «ինչպէս եւ խոստացել էի» գրութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բուսականութիւն ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է հունտը եւ ցանքը։ Բուսականութեան աճումին ուժը կը հայթայթէ հողը. արդարեւ, բոյսը այնքան արագ եւ զօրաւոր կը բուսնի եւ կ՚աճի՝ որքան առատ եւ ուժաւոր է աւիշը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր օրերուն մարդիկ զարգացած երկիրներու շարքին կը դասեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու եւրոպական երկիրները, սակայն կը հաւատանք, որ ժամանակ մը ետք՝ գուցէ դարեր ետք Միջին Արեւելքի ու Ասիոյ մէջ գտնուող երկիրները շատ աւելի զարգացածի դիրքին մէջ պիտի յայտնուինք՝ քան Ամերիկան ու Եւրոպան:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն հիւրեր։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը մէկտեղուեցաւ Այխշթեթ-Ինկոլշթատի կաթոլիկ համալսարանի քրիստոնեայ արեւելքի աստուածաբանութեան ամպիոնի դասախօսական կազմին, Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի ուսանողներուն հետ։
Հայաստանի Սեն Փեթերսպուրկի հիւպատոսարանին մէջ մահացած գտնուեցաւ Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով նախկին ներկայացուցիչ Պորիս Աւագեան։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Աճիտ Տովալի հետ։
Հայաստանի մէջ երէկ պատահեցաւ ցնցիչ, արիւնալի դէպք մը։ Այսպէս, 23.52-ին Արմաւիրի մարզի Մերձաւան բնակավայրի Երեւանի խճուղիին վրայ լսուեցան կրակոցներու ձայներ։
Տանըլտ Թրամփ Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ շարք մը իսլամական եւ արաբական երկիրներու ղեկավարներուն հետ, որոնք պատերազմի վերջ գտնելուն կը սպասեն:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան, որ տեսակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութերեսի հետ, արդիւնաւէտ որակեց ծաւալուած բազմակողմանի քննարկումը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կ՚ընթանայ իր ընթացիկ հունին մէջ։
Երէկ, խմբագրատունս այցելեցին՝ իսթանպուլահայ սանուց միութիւններու համակարգման յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն Գէորգ Պիւյիւքսիմքէշեանն ու Շուշան Սվասլըօղլուն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանը, որուն կ՚ընկերանային Սահակեան-Նունեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Գարին Չաղլըուզուն եւ ուսուցչական կազմէն Լիանա Պենլի։