Արխիւ
Հայաստանի մէջ յաջորդ տարի տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ամենահեղինակաւոր գինիի մրցոյթներէն մին։ Այսպէս, վերջին տարիներուն Երեւանի Գինիի փառատօնը մեծ ոգեւորութեան առիթ կը հանդիսանայ եւ արդէն դարձած է աւանդական։
Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը կը նշէ իր հիմնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը:
«Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» հիմնադրամը քառորդ դարէ ի վեր կը խրախուսէ՝ մաէսթրօ Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ յառաջ տարուած աշխատանքը, որ համբաւի արժանացած է կատարողական բարձր մակարդակով եւ ինքնատիպութեամբ:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Երկու վարչապետներուն տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Ալթայի մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան բնապահպանման համաժողովի մը, որ կազմակերպուած էր Ռուսաստանի տանտիրութեամբ։
Միջազգային ուժանիւթի գործակալութեան (IEA) կողմէ վերջերս հրապարակուեցաւ տեղեկագիր մը, ըստ որու՝ աշխարհ նուրբ նշանակութեամբ միներալներու պարագային արդէն յանձնուած է Չինաստանին։
ԵՊՀ-ի երդիքին տակ մանկավարժական ոլորտի սպասաւորներու մասնակցութեամբ կարեւոր ծրագիր:
«Նորարար ուսուցիչ՝ հզօր պետութիւն» խորագրեալ նախաձեռնութեան բացման ելոյթ մը ունեցաւ նախարար Անդրէասեան:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։
Թուրքիոյ տանտիրութեամբ եւ հիւրընկալմամբ, երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցան Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններ։ Իր նմաններու շարքին երրորդն էր բանակցային փուլը։ Պատուիրակութիւնները մէկտեղուեցան Չըրաղանի պալատին մէջ։
Հայաստանի մէջ ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապը կը խորանայ չափազանց մտահոգիչ դրսեւորումներով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը օրէ ի վեր դարձեալ ընկերային ցանցերու վրայ իրերայաջորդ գրառումներով հանդէս կու գայ։
Իրականութիւնը բացարձակ արժէք մըն է, որ միշտ մարդուն մեկնակէտը կ՚ըլլայ՝ ինչքան ալ ունենայ յարաբերական չափումներ։ Երբեմն երեւակայութիւնն ալ կրնայ նպաստաւոր ըլլալ՝ իրականութեան հասնելու ճանապարհին, եթէ մարդ լաւ սնէ զայն ու լաւ սնուի անկէ։
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) կողմէ երէկ համայնքային մամուլին ներկայացուեցաւ՝ «İtimat Bürosu»ի տագնապով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կատարուած քննութեան արդիւնքը։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Աստուածամօր պատկերին առաջ կ՚աղօթեմ… Արցունքախառն կը խնդրեմ…
Տոքթորականի վկայականս նոր ստացած Հայաստանէն Երուսաղէմ կը վերադառնամ։ Զոհողութիւնս շատ մեծ էր։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գրող, հրապարակախօս, բժիշկ եւ պատմավիպագիր Ծերենց՝ նոյնինքն Յովսէփ Շիշմանեան (1822-1888թթ.) նոյնպէս դարձած է Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային ջոջերէն» մէկը։
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Օրերս, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպիսկոպոս Իսախանեանը դիմատետրի իր էջին վրայ զետեղած էր գրութիւն մը, ուր դիմելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, մի քանի հարցադրումներ կու տար եւ մի քանի կարծիքներ կը յայտնէր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկինքի մէջ ապրիլ՝ կը նշանակէ «Քրիստոսի հետ ըլլալ». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 3), (ՓԻԼ. Ա 23), (Ա ԹԵՍ. Դ 17)։ «Ընտրեալներ»ը «Անոր մէջ» կ՚ապրին, հոն պահպանելով, աւելի ճիշդ՝ հոն գտնելով իրենց իսկական ինքնութիւնը՝ իրենց յատուկ անունը. (ՅԱՅՏ. Բ 17)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Սորվեցուր անոր մարդոց հանդէպ ազնիւ ըլլալ»: Շատ մը առաքինութիւններ մարդուն հետ կը ծնին. վարքի եւ նկարագիրի մէկ անբաժան մասը կրնայ ըլլալ բարութիւնը, ազնիւ ըլլալը, ողորմածութիւնը եւ այլն, սակայն, Լինքըն (ինչպէս նաեւ մանկավարժութիւնը) կը հաւատայ, որ այդ մէկը ո՛չ միայն բնածին կրնայ ըլլալ, այլ նաեւ կրթութեան ճամբով կարելի է փոխանցել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Սորվեցուր անոր արժանապատիւ ձեւով պարտուիլ եւ վայելել յաղթանակը՝ երբ յաղթէ»: Իրականութիւն է, որ մեր ծնողները եւ նոյնիսկ դպրոցը մեզի կը սորվեցնեն, թէ ինչպէ՞ս պէտք է յաջողիլ, սակայն երբեք ակնարկութիւն չեն ընկեր, թէ ինչպէ՞ս պէտք է «ձախողիլ»:
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը պիտի օժտուի նոր, գերժամանակակից գրադարանով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համապատասխան նախագծի գործադրութիւնը արդէն սկսած է։
Սպիտակ պաստառի հրապոյրին ներքեւ հեղինակաւոր վարպետներու անմոռանալի ու շքեղ տողանցք:
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 22-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնի փակման ու մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Քիթին տակէն առանց ընդմիջումի իր յօրինած օփերան կ՚երգէր եւ մատները թըփ-թըփ սեղանին կը զարնէր։ Մինչեւ այսօր չեմ ազատուած թըփ-թըփի բարդոյթէն։ Ակռաներս կը կրճտէի ջղայնութենէս, մայրս ծուռ-ծուռ եւ յանդիմանական նայուածք մը կը նետէր.
-Մէկը չունի, մենք ենք իր ընտանիքը։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կ՚ուզեմ քեզի խօսքեր գրել,
Որ խօսքերու չի՛ նմանիր.
Եւ քեզի յատուկ լեզու մը հնարեմ,
Որ կազմաւորեմ զայն քու մարմինիդ չափերուն համաձայն
Եւ սիրոյս տարածութեան չափ: