Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած հերթական վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակից հոգեւորականները՝ որոնք մայրավանք մեկնած էին Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ռուսաստանի Դաշնակցութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը բազմաօրակարգ եղած է: Հիմնականները՝ Ուքրայնա, Հարաւային Կովկաս եւ Միջին Արեւելք:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սրբոց Վարդանանց յիշատակի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, որու զուգահեռ նաեւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութիւնը, որու առթիւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Քրիստոնեայ-դեմոկրատ միութեան նախագահ Ֆրիտրիխ Մերցը, որու առաջնորդած քաղաքական ուժը շաբաթավերջի ընտրութենէն յաղթական դուրս եկաւ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն։ Թրամփ-Սթարմըր ժամադրութիւնը զուգադիպեցաւ ճիշդ այն օրուան, երբ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի դիւանագէտները բանակցութիւններ վարեցին Իսթանպուլի մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, դէպի Պուէնոս Այրէս աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, հիւրընկալուեցաւ Արժանթինի նախագահ Խաւիէր Միլէի կողմէ։
Թուրքիոյ օրակարգը երէկ յեղաշրջուեցաւ Ապտուլլահ Էօճալանի պատմական ոճով, որով ան ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հրաւիրեց զինաթափման եւ ինքնալուծարման։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքոն, որ Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի կողմէ։
ՀՅԴ-ի 35-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ կուսակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնները:
«Արցախը պէտք է ունենայ միջանկեալ կարգավիճակ եւ հայերը պէտք է վերադառնան միջազգային երաշխիքներով»:
«Տարածաշրջանային ապաշրջափակման լուծումները պէտք է ըլլան փոխադարձութեան սկզբունքի հիմքով»:
Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայաստանի երկաթուղիի ցանցը ամբողջ մը կը կազմէ Նախիջեւանի հատուածով:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսի առիթ ընձեռած կարեւոր հաստատումներէն մին հետեւեալն է. Աթոռը հետամուտ է միջանկեալ լուծումներու, որպէսզի առկայ վարչական անելով պայմանաւորուած խնդիրներու հետեւանքները գոնէ մեղմանան։ Մէկ կողմէ պատրիարքութեան՝ յաչս պետութեան պաշտօնական կարգավիճակ չունենալը, միւս կողմէ ընդհանրական լիազօրութեամբ (Ազգային սահմանադրութեամբ նախատեսուած կեդրոնական վարչութեան նման մարմին մը, որ ունի հակակշռելու իրաւասութիւն) աշխարհական մարմնի մը բացակայութիւնը անկիւնային վիճակի մատնած են համայնքը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայիս աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի շուրջ ութ միլիառ մարդ, անոնք կ՚ապրին աշխարհի եօթ մայրցամաքի վրայ եւ կը խօսին աւելի քան եօթ հազար լեզուներով։ Ի հարկէ, դժուար է ճանչնալ այդքան մարդիկ ու հասկնալ, թէ ի՛նչ կը խորհին։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ վերջին երկու օրերուն արտասովոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն առթիւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հացը անհրաժեշտ տարր մըն է կեանքը տեւականացնելու համար, քանի որ մարմինը սնունդի կը կարօտի եւ առանց հացի կարելի չէ ապրիլ աշխարհի վրայ։ Հացը հիմնական նիւթն է սնանելու, քանի որ ուտելով կարելի է սնանիլ եւ պատահական չէ, որ ընդհանրապէս ճաշելու համար կը գործածուի «հաց ուտել» ասացուածքը, ինչպէս նաեւ երբ մարդ կ՚աշխատի իր եւ իրեններուն օրապահիկը շահելու համար՝ կ՚ըսուի. «Հացի դրամ շահելու համար աշխատիլ» խօսքը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Դպրոցի տղաքը վերջին քանի մը օրերուն, քանի մը փուլերով Բարեկենդանի ծրագիրը կեանքի կոչեցին՝ ընթացքին անդրադառնալով նաեւ Սրբոց Վարդանանց տօնին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկուան յօդուածով խօսեցանք նախանձի դրական կողմերուն մասին, սակայն իր դրականէն աւելի նախանձը ունի իր բացասական կողմը, որ կրնայ վնասել մարդկային անդորրը, ստեղծելով լարուածութիւն, դժգոհութիւն ու ջղային վիճակ։ Աւելի՛ն, կրնայ աւերիչ ըլլալ եւ մարդուն մէջ ստեղծէ մինակութեան զգացում եւ մինչեւ իսկ վնասէ ֆիզիքական առողջութիւնը:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները Բարեկենդանի ընդառաջ կազմակերպուած խրախճանքով ապրեցան մեծ խանդավառութիւն:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները մասնակցեցան «TED Atakent» քոլէճի հիւրընկալմամբ, Թուրքիոյ մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքին, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ ասպարէզներու ծանօթացման ուղղեալ հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի միջնակարգի բաժնի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթը երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։