Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յաւելեալ նշանակութիւն ունին այն տօներն ու պահերը, որոնք միայն չնչին առօրեայ ծէս չեն, այլ կը ծառայեն ազգի հոգեւոր եւ մտաւոր կենսագրութեան ամրացման։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն մարդ, իր ճամբայէն պիտի քալէ,
Ամէն մարդ, իր հողը պիտի հերկէ,
Սեփական ափով իր ջուրը պիտի խմէ,
Ամէն մարդ պիտի խօսի իր բառերով,
Ամէն մարդ պիտի ապրի իր նկարագրով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
3 հոկտեմբեր 2025 թուականը Հայաստանի իրաւական համակարգի ամենէն տժգոյն, մռայլ եւ ամօթալի թուականը դարձաւ, երբ իրաւական համակարգը յանձինս անդէմ եւ անսկզբունք դատաւորուհիի մը՝ որ իր տէրերուն պատուէրն ու հրամանը կը կատարէր՝ հեռու արդարութեան սպասաւոր ըլլալէ, երկու տարի ժամկէտով բանտարկութեան դատապարտեց Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ անձ մը կայ, որ չի գիտեր, թէ վերը երկինքի մէջ Ամենագէտն եւ Ամենակարողն Աստուած կայ՝ որ ամէն բան ստեղծեց եւ կը ղեկավարէ, կը խնամէ եւ ծանօթ չէ, տեղեակ չէ անոր մասին, Եսայի մարգարէն ասպարէզ կը կարդայ եւ կ՚ըսէ. «Երկինքը ստեղծող եւ զանիկա կազմող, երկիրը եւ անոր մէջ բուսածը տարածող, անոր վրայ եղող ժողովուրդին շունչ՝ եւ անոր մէջ քալողներուն ոգի տուող…». (ԵՍ. ԽԲ 5)։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Կեպելէի մէջ. «Մեր տարածաշրջանի մեծագոյն սպառնալիքը Իսրայէլն է»:
Անգարա կ՚ակնկալէ, որ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութիւնը համատեղ դիրքորոշում որդեգրէ միջազգային օրակարգի հարցերուն շուրջ: Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ կ՚առաջարկէ կազմակերպել միասնական զօրավարժութիւններ՝ միշտ հետամուտ «Զանգեզուրի միջանցք»ի խօսոյթին:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցնող օրերուն եւ տարիներուն:
Քննարկումներու օրեր «Ալ-Ֆէյսալ» ճաշարանէն ներս, եւ վերլուծումներու ու երկխօսութիւններու տարիներ Լեռնալիբանանի եւ ալ-Րաուշէի սրճարաններուն մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր։ Հայրս է որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը։ Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին». (ՅՈՎՀ. Զ 32-33)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բառարաններուն մէջ կան բառեր, որոնք իրենց բառի սահմանները անցնելով եղած են հայ ժողովուրդի հաւաքական կենսագրութիւնը եւ անկասկած անոնցմէ է «գաղթականութիւն» բառը, որ հայ ժողովուրդին համար հոմանիշ է գոյատեւման:
Հայ Երուսաղէմը վերջին օրերուն հիւրընկալեց կարեւոր մշակութային ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Ս. Յակոբեանց հայոց վանքի «Մարտիկեան» թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ համերգ մը, որ ձօնուած էր Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակին։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այսօր երեկոյեան հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ։ Այս իրադարձութիւնը կը համընկնի՝ երկրէն ներս յառաջացած կառավարական տագնապով պայմանաւորուած իրադրութեան հետ։
Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական մեծ տօնակատարութիւններուն վերջնական ժամանակացոյցը երէկ պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ։
Քոչարեան մամլոյ ասուլիսով մը մեկնաբանեց Հայաստանի արտաքին ու ներքին քաղաքական հարցերը:
ՔՊ կուսակցութիւնը թէեւ փոքր տարբերութեամբ յառաջատար է, սակայն ընդդիմութիւնը կրնայ փոխել խորհրդարանի պատկերը:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան ծննդեան տարեդարձին առթիւ շնորհաւորեց Վլատիմիր Փութինը, որուն յղեց բարեմաղթանքներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այս աշխարհը՝ որուն վրայ կ՚ապրինք, թանկագին միջավայր մըն է. հո՛ն, է որ մարդկային սերունդը կ՚արտայայտէ ինքզինք՝ իր սքանչելի կարողութիւններով, այդ աշխարհը պէտք է ըլլայ լուսաւոր, երջանկաբեր, որպէսզի միակողմանի չըլլայ մարդկային արտայայտութիւնը.
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր օրերուն դիւրին է հանդիպիլ մարդոց, որոնք ստուգապէս մտահոգուած են հայ լեզուի, մշակոյթի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ապագայով եւ նման մարդոց ներկայութիւնը մեր հասարակութեան մէջ գովելի է.
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու պոլսահայ կրթական համակարգէն երեք արժէքաւոր ներկայացուցիչ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Ալթըփարմաք Տեմիր, Էսաեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհիներէն Սիպիլ Աւագօղլու եւ եւ երիտասարդ կրթական մշակներէն Դալար Նալճը։
Հայկական մարմնամարզական աշխարհը վերջին օրերուն հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ Երեւանի մարաթոնին։ Աշնան բարենպաստ եղանակի պայմաններուն ներքեւ կեանքի կոչուեցաւ այս մարզական ծրագիրը, որ արժանացաւ համատարած ուշադրութեան։
Սուրիոյ ներքին կայունութեան վերահաստատման ճանապարհին արձանագրուած վերիվայրումները միշտ կը յառաջացնեն մտահոգութիւն եւ օրակարգի վրայ կը զբաղեցնեն առաջանահերթութիւն։
Եւրոպայահայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքը խրախուսելու, հոգեւոր կենսունակութիւնը ապահովելու առաջադրութեամբ երկար ժամանակէ ի վեր աշխատանք կը տարուի։ Այս ամբողջին մէջ, շաբաթավերջին, Հոլանտայի հայութիւնը յատկանշական իրադարձութեան մը ականատեսը դարձաւ։