Արխիւ
Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրները կ՚ուղղորդուին ներքին քաղաքական բեւեռացումներով ու պառակտումներով, որոնք կը պայմանաւորեն նաեւ արտաքին քաղաքական հիմնահարցերու վերաբերեալ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան խօսոյթը։ Առկայ քաղաքական անելին մէջ յաճախ քննարկման նիւթ կը դարձուին Թուրքիա-Հայաստան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու հեռանկարները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աշակերտներու օրհնութեան կարգ կատարեց՝ վաղուան լիսէներու մտից քննութեան ընդառաջ։
Թոյվօ Քլաար Հայաստանի ղեկավարութեան հետ արժեւորեց Պրիւքսելի հանդիպման յաջորդած իրավիճակը:
Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները յաջորդ շաբաթ կ՚անդրադառնան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին: Անգարայի մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ հիւրընկալուելէ վերջ, Սերկէյ Լաւրով կ՚ուղեւորուի Երեւան:
Հայաստանի մէջ իշխանական եւ ընդդիմադիր ճամբարներու փոխադարձ մեղադրանքները չեն դադրիր:
Երկրի ղեկավարութիւնը կը ձգտի ի գին ամէն ինչի խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, սակայն բանակցելու ընդունակ չէ:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Շուրջ կէս տարուայ ընդհատումէ մը վերջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան՝ փոխ-վարչապետներու մակարդակով եռակողմանի աշխատանքային խումբի հերթական նիստը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ Երեւանի Մատենադարանը համատեղ նախաձեռնութեամբ հրատարակեցին պատկերագիրք մը, որ միտուած է Արցախի ձեռագրական ժառանգութեան պահպանման։
Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններէն վերջ, բարեզարդման համալրումն ու կատարելագործումը կը շարունակուի։ Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելած է Տիարպաքըր։
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը Ֆէրիգիւղի մէջ յաջողութիւն մաղթեց թրքահայ աշակերտներուն:
Լիսէներու մտից շաբաթավերջի քննութեան ընդառաջ համայնքային վարժարաններու սաներուն համար օրհնութիւն:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Ըսուեցաւ՝ «Սփիւռքի տարի»: Երբեմն կը մտածեմ, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ սփիւռք(ներ)ի մօտաւոր ապագան, եթէ բացակայի հայ մամուլը, եթէ չունենանք եւ չպահենք իր դերին եւ կոչման ծառայող արժանաւոր հայ մամուլ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
2016 թուականի պաշտօնական տեղեկութեանց համաձայն, աշխարհի ամենաշատ թէյ գործածող առաջին երեք երկիրներն են՝ Թուրքիա, Իրլանտա եւ Միացեալ Թագաւորութիւն։
Անգլիոյ մէջ՝ «Յետմիջօրէի թէյը» (Afternoon Tea) շատ կարեւոր է եւ տեղի կ՚ունենայ ժամը 15.30-էն 17.00-ի միջեւ։
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Գոյներու մէջ կորած աչքեր.
Կանաչներ՝ խոտէն առաջ,
Կապոյտներ՝ արշալոյսէն առաջ:
Ջուրին գոյնը կը նմանակեն,
Ապա լճակին կը սեւեռեն
Մեղրագոյն նայուածքներ
Եւ ջուրին գոյնը կանաչի կը վերածուի...
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 96 տարիներ առաջ Մկրտիչ Երիցանց անուն գրող մը Փարիզի մէջ հրատարակուած «Խարտոց» շաբաթաթերթի Ա. թիւին չորրորդ էջին մէջ կը գրէր «Բարեկամիս խրատներ» խորագրեալ նամակ մը, ուր խօսելով ամուսնութեան ու կին ընտրելու «կարեւոր» խնդիրին շուրջ ընկերոջը կ՚ըսէ. «անշուշտ Կեսարի կամ Շնորհալի Ներսէսի հետ ապրած ըլլալու պէտք չի կայ, գիտնալու համար, թէ այն օրերուն աւելի դիւրին էր բերդ մը գրաւել քան թէ կնոջ մը սիրտը. նոյնը չէ այսօր»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեր կեանքը լեցուած է համախտանիշներով: Կ՚ապրինք համախտանիշներու դարուն մէջ, եւ երբեմն այնքան մտահոգիչ չեն ըլլար ֆիզիքական հիւանդութիւնները, որքան՝ համախտանիշները, որոնց թիւը օրէ օր կ՚աւելնայ եւ որոնցմով աւելի շատ մարդիկ կը սկսին տառապիլ աշխարհի ամէն կողմը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ըսածներէս պարզ է, որ թոքախտաւորին մէջ բան մը կայ, որ իրմէ դուրս կու գայ եւ առողջներուն թոքերուն մէջ մտնելով, կը վարակէ-կը հիւանդացնէ զանոնք:
Ի՞նչ է այդ բանը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իմաստութեամբ ըսուած այլ նախապաշարում մըն է հետեւեալը.-
«Պտտելով հաց մի ուտեր, տանը պէրէքէթը կը փախչի»:
Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Ի յայտարարեց, որ միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը չի կրնար ու պէտք չէ ապահովուի ռազմական դաշինքներու ուժեղացմամբ։
Ալպանիոյ մայրաքաղաքը Թիրանայի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի ծանրամարտի առաջնութիւնը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի հաւաքականը։
Երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան զուգահեռ՝ խանդավառ փառատօն:
Մանուկներու համար պատրաստուած բազմակողմանի ծրագիր եւ «Հերի Փոթըր»ի հայերէն հերթական թարգմանութիւն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու պետական նախարար Ահմէտ էլ Ճուպէյրի հետ:
