Արխիւ
Նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը:
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը պատարագեց եւ դամբանականով մը վեր առաւ հոգեւոր եղբօր բարեյատկութիւնները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր կարդացի Խորհրդային Միութեան ամենամեծ մարդասպան ու մարդակեր Անտրէ Չիկատիլոյի կեանքը, որուն զոհը դարձած են 53 անմեղներ, որոնք մեծաւ մասամբ եղած են անչափահաս պարման-պարմանուհիներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ երիտասարդ բեմադրիչ Գարոլ Հաճեանի պատրաստած տեսաժապաւէնը արժանացաւ մեծ ուշադրութեան եւ ներկայացուեցաւ Աւստրալիոյ մէջ «Լիբանանեան ֆիլմերու փառատօն»ին։ Այս առիթով Գարոլ Հաճեանին հետ ունեցանք հեռավար դրութեամբ հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ճշմարտութեան մասին միշտ գրուած է, կը գրուի եւ տակաւին պիտի շարունակուի գրուիլ, այնքան ատեն որ մարդուն ձեռքին մէջ գրիչը կը շարժի: Այսօր, բնագիրին հաւատարիմ մնալով, մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Ստեփան Շահպազի մէկ շահեկան եւ իմաստալից գրութիւնը՝ «Ճշմարտութիւնը» խորագիրով, որ լոյս տեսած է «Նայիրի» ազգային-գրական շաբաթաթերթին մէջ (ԺԱ. տարի, թիւ 31), Պէյրութ 1963, էջ 1, 8:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի տօնը այս տարի ալ չնշուեցաւ: Երկու տարի է՝ 2800-ամեայ պատմութիւն ունեցող մեր մայրաքաղաքը առանց տօնի է: Պատճառները հասկնալի են:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեծ տեղաշարժներ կ՚արձանագրուին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Անշուշտ, խօսքը զարգացումներուն մասին է Սուրիոյ, ուր վերջերս երեւելի դարձան մի քանի «ազդեցիկ» նշաններ, որոնց ամենակարեւորը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ պին Զայիտի Դամասկոս տուած «յանկարծակի» այցելութիւնն էր։
Ատրպէյճան յարձակման անցած է Հայաստանի հետ սահմանի գրեթէ ողջ երկայնքով. նոր զոհեր ու գերիներ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը չի յաջողիր կասեցնել Պաքուն: Երկրի տարածքին դէմ ոտնձգութիւնները վաղուց խոցելի դարձուցած են պետութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան կը խօսի հրադադարի համաձայնութիւնը վիժեցնելու ջանքերու մասին: Տագնապը արդէն եկաւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ:
Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի անժամանակ վախճանման արձագանգները կը շարունակուին։ Մինչ վաղը նախատեսուած են նորոգ վախճանեալ հայր սուրբի վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգերը, պետական աւագանին ալ կը շարունակէ արձագանգել եւ վշտակցութիւն յայտնել։
Արա Գօչունեանի եւ Շահնուր Գազանճըի կողմէ TET Ajanda առցանց հարթակին վրայ շահեկան հարցազրոյց:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի դիմագրաւած մահ ու կենաց տագնապի եւ համայնքային հրատապ հարցերու լոյսին տակ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու գործակից ընկերները։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին խնամակալները տեղեկացուցին, որ յաջորդ շաբթուայ մէջ Գարակէօզեանի համալիրէն ներս նախատեսուած է ընդունելութիւն մը, որուն հրաւիրուած է նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 28 հոկտեմբերի խմբագրականը ահազանգային է: Խնդիրը յայտնապէս դասական մամուլին դիմագրաւած դասական տագնապէն աւելին է: Թերթը յատկապէս՝ համայնքային թերթը, բնականաբար կարեւոր մասամբ կ՚ապրի համայնքային կառոյցներու նեցուկով, աջակցութեամբ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան բաժինը երէկ երեկոյեան ժամերուն հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեր երազները՝ իղձերն ու փափաքները գունեղ են ու փոփոխական:
Կեանքի մը հոլովոյթին, դէպի կշիռքի ծանր նժարը կը թեքուին մարդու երազները:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Աստուծոյ նախախնամութիւնն ու գործերը միշտ կը դառնայ խորախորհուրդ եւ մարդ արարածը միշտ անկարող կը մնայ հասկնալու, թէ ինչ է իր Արարչին նպատակը իր առօրեայէն ներս։ Անժամանակ Աստուծոյ շփումը ժամանակաւոր մարդուն հետ միշտ անըմբռնելի կը մնայ, երբ խնդրոյ առարկան է անսահմանի եւ սահմանաւորի, անգոյի եւ գոյացութեան, անծինի եւ ծնունդ առածի յարաբերութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Աւետարաններուն մէջ երդումի մասին որեւէ բան գրուա՞ծ է:
Պատասխան. Մատթէոսի աւետարանին 5-րդ գլուխին 33-37 համարներուն մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը. «Լսեր էք նաեւ որ անցեալին ըսուած է. «Երդմնազանց մի՛ ըլլար, այլ կատարէ ինչ որ երդուած էիր Տիրոջ»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կիրակի գիշեր Պոլսոյ Պատրիարքարանը գուժեց Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման բօթը: Այս գուժով հայ ազգը ընդհանրապէս, եւ պոլսահայութիւնը մասնաւորապէս կորսնցուց նուիրեալ մը, որ Եկեղեցին սիրեց իր բովանդակ հոգիով ու սիրտով ու գիտցաւ ծառայել անոր իր ձիրքերով եւ բազմակողմանի հմտութեամբ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդու կեանքը նման է այն հին կշիռքին, որ անհաւասարութեան պարագային սխալ արդիւնք կու տայ. ինչքա՜ն դիւրին՝ նոյնքան դժուար է պահել այդ հաւասարութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ։ Նախարար Չավուշօղլու օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Իպրահիմ Ռաիսիի կողմէ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Պատրիարք Հայր,
Ցաւով իմացանք անժամանակ մահը մեր բոլորին կողմէ սիրելի Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Անժամանակ՝որովհետեւ հայր սուրբը տակաւին շատ գործ ունէր կատարելիք Քրիստոսի եւ Հայ եկեղեցիին առաքելութեանը մէջ։
Ատրպէյճանի բանակը կը շարունակէ խորանալ Հայաստանի տարածքէն ներս:
Երեւանի ղեկավարութիւնը միշտ լուռ: Նիկոլ Փաշինեան երէկ փոխեց պաշտպանութեան նախարարը:
Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյց: Անգարա եւ Մոսկուա շարունակ կապի մէջ: Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կոչ: