Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հօր աշխատավայրը երթալը, կարելի է ըսել երեխայի մը ամենաանմոռանալի պահերէն է։ Այսպէսով երեխան ականատես կը դառնայ, թէ հայրը ինչպէ՛ս առիւծի բերնէն ճաշասեղան կը հասցնէ հացը, որքա՛ն անդիմադրելի զօրութիւններով, անգութիւթիւններով լի է «կեանք» ըսուածը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ». (ԱՌԱԿ. ԺԱ 17)։ Արդարեւ, ողորմածութեան գործերը բարեսիրական արարքներն են, որոնցմով մենք օգնութեան կը հասնինք մեր մերձաւորին անոր մարմնական եւ հոգեւոր կարիքներուն համար, անոր ամէն տեսակ նեղութեանը մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած չէ։
Շաբաթավերջին Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Արագածոտնի մարզը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը։ Պատրիարքարան այցելութեան ընթացքին ամերիկացի դեսպանին ընկերացան Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ եւ դեսպանատան անձնակազմէն Քեւըն Մոսս։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հասարակական ծառայութեան ծիրէն ներս, համայնքիս կարիքաւոր ընտանիքներու համար յատկացուած 567 զոյգ օժանդակութեան տոմսը, այս շաբաթ հասաւ Պատրիարքարան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Անցեալ տարիներու փորձառութիւնը եւ յատկապէս՝ համավարակն ու պատերազմը շատերս ստիպեցին վերանայիլ բազմաթիւ գաղափարներ եւ հասկացութիւններ։ Թուարկեմ անոնցմէ քանի մը հատը՝ «համամարդկային արժէքներ», «ժողովրդավարութիւն», «ազատականութիւն», «յառաջդիմութիւն-պահպանողականութիւն», «խաղաղութիւն», «հաշտութիւն»…։
«Ազնաւուր» հիմնարկը հետեւողականօրէն մարդասիրական օժանդակութիւն կը փութացնէ Հայաստան:
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան «Ճգնաժամային աջակցութեան կեդրոն»ին հետ տեւական գործակցութիւն:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարներու հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ տարածքաշրջանի ներկայ իրավիճակը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ի՞նչ է արձակուրդը. յաճախ ինծի հարց տուած են շուրջիններս՝ անմեղօրէն։ Արդեօք առօրեայէն փախո՞ւստ մըն է, թէ ոչ իսկապէ՛ս կազդուրուելու եւ վերանորոգուելու փորձ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեր օրերու մոխրագոյնին մօտեցող ընդհանուր պատկերին մէջ անգամ յոյսի նշոյլներ կը ծնին։
Խօսքը անոնց մասին է, յատկապէս, որոնք մէկդի դնելով ամեհի վիշտի ու տագնապի շիթերը, դեռ կը հաւատան երազին։
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պոնտօ ցեղախումբերու սովորութիւններէն
- Պոնտոյի ցեղախումբերը կը պատկանին հնդկական ցեղախումբերուն եւ Օրիսա շրջանին մէջ կ՚ապրին:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Յոյն Եկեղեցւոյ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի փառաւոր անուններէն է Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը, ծնած՝ 347-ին Անտիոք եւ վախճանած՝ 407-ին Եւդոկիա քաղաքի մօտ, Կոմանա։ Երբեմնի Եւդոկիոյ առաջնորդական վիճակի հոգեւոր սահմաններուն մէջ կը գտնուէր Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան վանքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի շրջանի վեցերորդ կիրակին կը կոչուի «Գալստեան կիրակի», որովհետեւ ան նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի «Գալստեան» յիշատակին։
«Գալուստ»ը իր տառական իմաստով եւ Յիսուս Քրիստոսի աշխարհի վրայ առաջին յայտնութեամբ չի վերջանար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցան։ Խօսքը, անշուշտ, կը վերաբերի արտահերթ ընտրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ յունիսի 20-ին։ Նախքան այս կարեւոր իրադարձութիւնը, հարկ է յիշել, որ արդէն աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր երկրի ներքին քաղաքական ընդհանուր պատկերը նոր լարման կէտ մը կը ցոլացնէր, երբ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը յայտարարած էր, որ այլեւս պատրաստ չէր լսել Փաշինեանի խօսքը, հետեւաբար կը պահանջէր անոր հրաժարականը։
ԵՐԱՄ
Եկէք, այս անգամ, այս դահլիճը, դիմացի բեմն ու անոր վրայի երաժիշտները, զորս կը տեսնենք, տարբեր ակնոցով զննենք։ Անգամուայ մը համար նայինք անոնց ամենաիրական ակնոցով, որ կարելի է դնել մեր աչքերուն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Քարը ինծի անկողին
Լեռնաշարը՝ հովանի
Ամպերը՝ ապաւէն
Հովը՝ պարոյր
Ի՜նչ հանգիստ
Ի՜նչ անդորր
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեմն ակնարկը դարձնել անցեալին թէ՛ հետաքրքրական է եւ թէ՛ օգտակար։ Այս պատճառով, այսօր կ՚ուզենք հատուածներ ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն 1904 թուականէն։
«Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի Հանրագիտարանը։ Երեւանի մէջ, այս առաւօտ, «Հայեացք» մամլոյ ակումբի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, որու ընթացքին ծանօթացուեցաւ «Յովհաննէս Թումանեան Հանրագիտարան»ը։
Ամերիկեան «Stratfor» հեղինակաւոր պարբերականը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կանխահաս ընտրութիւն կազմակերպելու համար առնուած որոշման։ Այսպէս, ըստ վերլուծութեան, եթէ Փաշինեան պնդէ ու շարունակէ պաշտօնավարել, ինչ որ առաւել հաւանական է, ապա ընտրութիւններու կատարուիլը ընդդիմութեան բողոքը թէժացնելու ռիսքեր կը յառաջացնէ։