Արխիւ
Ճէյհուն Պայրամով այսօր կ՚այցելէ Ժընեւ, Զօհրապ Մնացականեան երկուշաբթի կը մեկնի Մոսկուա:
Ռապըրթ Օպրայէն. «ԱՄՆ եւ Ռուսաստան կը համագործակցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային»:
Ստեփանակերտը, Շուշին եւ Լեռնային Ղարաբաղի միւս բնակչութեան վայրերը կը շարունակեն մնալ ռումբերու տարափի տակ: Ատրպէյճանի բանակը այս առաւօտ վերստին յարձակման անցաւ Արցախի շփման գծի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններու վրայ: Շոյկու զրուցեց Տօնոյեանի եւ Հասանովի հետ:
Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ընդլայնուած խորհրդակցութիւն՝ պատերազմական վիճակի մէջ պետական կառավարման մարմիններու աշխատանքներու կազմակերպման համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարեց, որ Արցախի հարցին կրօնական երանգ տալը սադրանք է։ Բացառիկ հարցազրոյցին մէջ Վեհափառ Հայրապետը մանրամասնօրէն անդրադարձած է հայ ժողովուրդի եւ իսլամական աշխարհի դրական յարաբերութիւններուն։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այս տխուր օրերուն խաւարի միջով հայ ազգը կ՚անցնի ձեռք ձեռքի բռնած: Մենք կը շտապենք դէպի լոյս: Իսկ լոյսը երբեմն կ՚առկայծէ, երբեմն ալ ի սպառ կը բացակայի:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամբողջ գիշերը կ՚անձրեւէր: Անձրեւին խոշոր ու ծանր կաթիլները կ՚իյնային պատշգամի թիթեղեայ ծածկին վրայ եւ անտանելի աղմուկ կը ստեղծէին: Պատուհանը գոցես, տօթ է, բանաս՝ աղմուկը ականջներդ կը ներխուժէ. լարուած օրէն ետք քնանալը անկարելի կը դառնայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• Ո՜վ Ռոնտա. ո՞վ կրնայ օգնել ինծի պայքարելու համար ձախակողմեան մտածումներուն դէմ:
-Արթնութիւնն ու յարատեւ աղօթքը: Արթնութեամբ ուշադիր կ՚ըլլաս եւ լաւ մտածումներ ձեռք կը ձգես:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
21-րդ դարը մանաւանդ խելապտոյտ պատճառող մարդկային յառաջդիմութեան մը կը վկայէ։ Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ մարդկութիւնը, մանաւանդ վերջին շրջաններուն, շատ մեծ ոստումներ ըրաւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ միշտ ունի վախեր, կասկածներ եւ մտահոգութիւններ։ Արդարեւ, վախը ներկայ վտանգի մը պատճառած հոգեվիճակն է, իսկ մտահոգութիւնը՝ հաւանական վտանգի մը, կասկածի մը պատճառած հոգեվիճակը։
ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցան Պալեան գերդաստանի արքունի ճարտարապետները։ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս, ՀԱՅՃԱՐ-ի ջանքերով անոնց համար պատրաստուած յուշարձան-դամբարանին մօտ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ։
Գումգաբուի ընտանիքը կը պատրաստուի այս շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան։ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական նուիրահաւաքը այս տարի պիտի կատարուի՝ համաճարակի սահմանափակումներուն պարտադրած ձեւով։
Արցախի մէջ բռնկած պատերազմի մթնոլորտին մէջ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան կը շարունակէ Իսրայէլի ղեկավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել ճակատի վրայ յառաջացած մարդասիրական ծանր խնդիրներուն վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ատրպէյճանի բանակը լայնօրէն կ՚օգտագործէ Իսրայէլի մէջ արտադրուած զէնք ու զինամթերք՝ Արցախի խաղաղ բնակավայրերը թիրախաւորելու ժամանակ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ երէկ, ժամը 22.00-էն սկսեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ամբողջ գիշեր եւ Հայաստանի թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս փոխն ի փոխ կատարուեցաւ խաղաղութեան աղօթք եւ սաղմոսերգութիւն՝ Արցախի ժողովուրդի եւ Հայոց բանակի համար։ Շաբաթավերջին ալ տեղի ունեցած էր համազգային զօրակցութեան աղօթք։
Աշխարհի խոշորագոյն աճուրդի տուներէն մէկը՝ Sotheby՚s, վաճառած է 102.39 քարատնոց անթերի սպիտակ ադամանդ մը:
Ըստ New York Post-ի, թանկարժէք քարը վաճառուած է 12-30 միլիոն տոլարով: Հսկայական ադամանդը իր տեսակին մէջ մեծութեամբ երկրորդն է, որ իր նմանը երբեք չէ վաճառուած աճուրդով:
- «Հայ մօր կոչումն է ազգին նուիրեալ զինուորներ ծնիլ ու դաստիարակել»:
- «Եթէ պատերազմ սկսի, մենք անպայմա՛ն կը յաղթենք:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 7 հազար 700 տոլարով աճուրդի հանուած է առասպելական անգլիացի դերասանուհի Օտրի Հեփպըրնի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» եւ «Միանձնուհիի պատմութիւնը» շարժանկարներու նկարահանումներու ժամանակ քաշուած հազուագիւտ լուսանկարներու հաւաքածոն։
Յայտնի դարձած է 2021 թուականի գլխաւոր գոյնը ըստ ջնարակի եւ ներկերու հոլանտական Dulux ընկերութեան: Յաջորդ տարուան գոյնը հողային պէժ երանգն է՝ Brave Ground («խիզախ հող»), կը գրէ Dezeen-ը:
Երեխայի սննդակարգը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ անոր առողջութեան պահպանման ընթացքին վրայ, ուստի Parents կայքէջը կը ներկայացնէ սննդամթերքի այն տեսակները, որոնք կը համարուին փոքրիկներու առողջութեան համար ամենէն օգտակարները:
Մինչ Արցախի սաստիկ պատերազմը կը շարունակուի, ընկերային ցանցերու վրայ անհատներու մակարդակով աչքի կը զարնեն հետաքրքրական գրառումներ։ Վերջին օրերուն արձագանգ հանդիսացած էինք «Ատրպէյճանի ձախ երիտասարդութիւն» կոչուած խմբաւորման յայտարարութեան, որով լրջօրէն կը հարցաքննուէր Պաքուի դիրքորոշումը ու կը քննադատուէր նախագահ Ալիեւի վարչախումբը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Պաքու, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Արցախի մէջ բռնկած նոր պատերազմի մթնոլորտին մէջ, սա զօրակցութեան այցելութիւն մըն էր։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան զիջումներու պատրաստ են այնքանով, որքանով պատրաստ է Ատրպէյճան։ AFP գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան ընդգծեց այս հանգամանքը՝ դիտել տալով, որ հակամարտութիւններու կարգաւորումը պէտք է իրականացուի փոխադարձ զիջումներու հիման վրայ։