Արխիւ
Այս տարի Ամանորի տօնակատարութիւնը Թայմս Սքուերի վրայ տեղի կ՚ունենայ առցանց ձեւաչափով։ Այսպէս, Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ Թայմս Սքուերի վրայ Ամանորի աւանդական տօնակատարութիւնը տեղի կ՚ունենայ առցանց ձեւաչափով:
Ամերիկահայ աստղ Քիմ Քարտաշեան աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տան հագուստով լուսանկարներ հրապարակած է։ Այսպէս, Ամերիկեան Keeping Up With the Kardashians շոուի աստղ Քիմ Քարտաշեան Instagram-ի իր էջին վրայ հեղինակաւոր Balmain նորաձեւութեան տան հագուստով լուսանկարներ ու տեսանիւթեր հրապարակած է՝ նորաձեւութեան տան ստեղծագործութեան տնօրէն Օլիվըր Ռուսթէնին շնորհակալութիւն յայտնելով նուէրներու համար:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դռնփակ նիստով մը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Զօրակցութիւն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներու միջնորդական կեդրոնական դերակատարութեան նկատմամբ:
Արցախի ռազմական գործողութիւնները շաբաթավերջէն ի վեր կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Այս մթնոլորտին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընթերցողներս ինչքա՛ն կրնան զարմանալ կարդալով այս խորագիրը։
Անցեալ կիրակի առաւօտուն Արցախի սահմանին երկայնքով ընթացք առած ռազմական տարողունակ գործողութիւնները ամբողջութեամբ փոխեցին մեր առօրեան ու մեր ընդհանուր օրակարգը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը։
Հայաստան հաղորդեց, որ իր օդային մարզէն ներս թրքական F-16 մը խոցած է հայկական զօրքերու ռազմաօդանաւ մը, որու օդաչուն ալ զոհուած է. Թուրքիա հերքեց լուրերը:
Արցախի ճակատի երկայնքով բախումները կը շարունակուին:
«Բացառիկ են այս պատերազմի ո՛չ միայն թափն ու ծաւալը, այլեւ՝ ռազմագիտական բաղադրիչները։ Փաստացիօրէն, մենք կը վարենք հինգերորդ սերունդի պատերազմներուն բնորոշ գործողութիւններ»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Արցախի վերջին արիւնալի իրադարձութիւններուն շուրջ։
Մինչ Թուրքիոյ մէջ հանրային կարծիքը լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւի ռազմական գործողութիւններուն, երէկ, Պատրիարքարանի փողոցէն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դրօշակներով ինքնաշարժներու շարասիւն մը անցաւ՝ որպէս ցոյց։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այսօր յետմիջօրէին տեղի կ՚ունենայ Հանրապետական մաղթանք:
Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց խնամք ու հոգատարութիւն ցուցաբերել նահատակ զինուորներու սգացեալ ընտանիքներուն:
Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Ազգային մեծ ժողովը երէկ հրապարակեց համատեղ յայտարարութիւն մը։
Երեւանէն եւ այլ քաղաքներէն ներս կամաւորներ կը զինուորագրուին առաջնագիծ մեկնելու համար, ժողովուրդը փողոցներու մէջ օգնութիւն կը հաւաքէ՝ պատրաստելով բանակին ուղարկուելիք արկղեր: Բնակչութեան խորհուրդ կը տրուի չծանրաբեռնել հեռաձայնային ցանցը: Համահայկական հիմնադրամի ձեռնարկած հանգանակութիւնը արդիւնաւէտ: Վիրաւորեալ յղի կին մը ծնաւ արու զաւակ մը: Ինն տարեկան պատանի մը զոհ գնաց բախումներուն:
Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի ամբողջ երկայնքով երէկ շարունակուեցան լայնածաւալ գործողութիւնները: Ստեփանակերտի իշխանութիւնները տեղեկացուցին, որ դիրքերու՝ մարտավարական նշանակութեամբ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը հեռաձայնային կապ հաստատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ: Նիկոլ Փաշինեան եւ Անկելա Մերքէլ քննարկեցին տարածքաշրջանային իրավիճակը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հրեայ յայտնի տեսաբան, գիտնական եւ ապագայապաշտ գրող Եուվալ Նոյ Հարարիի հերթական համաշխարհային պեսթսելըր գիրքը հայերէնով արդէն մեր սեղանին է:
ՍԵՒԱՆ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Սերոբ քեսապցի, աշխատասէր մանչուկ մըն էր, հինգերորդ կարգի աշակերտ: Անոր հայրը ամառուան արձակուրդին երբ անգործ ու անբան կը տեսնէր Սերոբը, զինք զբաղեցնելու միտումով տան փակին ծառերը ջրել կու տար անոր:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երբ վարդապետութեան պատճառը յայտնեց, այժմ Իր վարդապետութեան ծնունդը կը յայտնէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է որ աշխարհի վրայ՝ մարդուս կեանքին մէջ երբեք չեն վերջանար հարցեր. երբ մէկը վերջանայ, անմիջապէս ուրիշ հարց մը արդէն պատրաստ՝ կը սկսի յուզել եւ զբաղեցնել մարդը։ Հարցերը զանազան են՝ անհատական, ընտանեկան, ընկերային, համաշխարհային։
Ատրպէյճանի բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն օդային եւ ցամաքային զօրքերով յարձակման անցաւ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ՝ շփման գծի ամբողջ երկայնքով։
Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրակոչ։ Թէժ մարտերը կ՚ընթանան։ Ստեփանակերտի մէջ բնակչութիւնը ապաստանարաններ իջած։ Ժողովուրդը կը փութայ արիւն տալ։ Զոհերու շարքին խաղաղ բնակիչներ։
Փաշինեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Փութինի եւ Մաքրոնի հետ: Երեւանի ղեկավարութիւնը կը յայտարարէ տարածքաշրջանէ ներս իրադրութեան փոփոխութեան մասին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Հարկ է նշել, որ Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին մեկնած էր Իտալիա, ուր Վատիկանի մէջ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենար, աւելի վերջ ալ Միլանօ անցնելով պիտի տեսակցէր իտալահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ, այս տարի միայն Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ու սիրոյ սեղան տեղի չունեցաւ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ, այս տարի միայն Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ու սիրոյ սեղան տեղի չունեցաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման համար նախտեսուած նախաձեռնութիւնը կ՚ապրի դժուար ատեններ։
Խնդիրն այն է, որ Մուսթաֆա Ատիպի վարչապետ նշանակուելէն անցած է բաւական երկար ժամանակ, երբ վարչապետին համար գրեթէ «անկարելի» դարձած է յաջողցնել իր վրայ դրուած առաքելութեան կարեւորագոյն կէտը, որն է նոր կառավարութեան կազմութիւնը։