Արխիւ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան Արցախի ճակատի առկայ սաստիկ բախումներու մթնոլորտին մէջ նամակ մը ուղարկեց Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինին։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ կոչ ուղղեց, որպէսզի դադրեցուին Իսրայէլի կողմէ զէնքի մատակարարումները Ատրպէյճանի համար։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կարեւոր ժողով մը:
Նահատակներու եւ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքները առարկայ կը դառնան մասնաւոր ուշադրութեան եւ հոգածութեան:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Արցախեան ազատամարտի ամենաթէժ շրջանին ծնած է իմ հերոսը՝ ինձմէ տարի մը պզտիկ:
Մայրս կարծես զատողութիւն կը դնէր մեր միջեւ՝ մշտապէս պաշտպանելով փոքրը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազատութիւն»ը շատ կերպեր եւ շատ աստիճաններ ունի, բայց եթէ ուշի ուշով անոր հիմը քննելու ըլլանք, պիտի տեսնենք որ միակ եւ սքանչելի՜ իրողութեան մը վրայ հաստատուած է այն. այս իրողութիւնն է մարդուս «ազատ կամք»ը։
Անգլիոյ Թագաւորական ակադեմիոյ մէջ կը քննարկուի Միքելանճելոյի քանդակը վաճառելու հարցը։ Այսպէս, Թագաւորական ակադեմիոյ մէջ կը քննարկուի համավարակի հետեւանքով ստեղծուած ճգնաժամային պայմաններէն դուրս գալու համար Միքելանճելոյի գլուխգործոցներէն մէկը վաճառելու տարբերակը:
Անգլիացի հրուշակագործներ ուշագրաւ կարկանդակներ կը ստեղծեն շարժուն ձիախաղի տեսքով։ Այսպէս, անգլիական Oddity Central կայքէջը ուշագրաւ անդրադարձ կատարած է լոնտոնեան Tattooed Bakers սրահի պատրաստած կարկանդակներուն, որոնք ստեղծուած են գեղեցիկ ձիախաղերու տեսքով եւ կը յիշեցնեն իրական արուեստի գլուխգործներ:
Ամերիկեան Օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային գործակալութիւնը (ՆԱՍԱ) կը ծրագրէ 2024 թուականին առաջին կինը ուղարկել դէպի Լուսին։ Այսպէս, ՆԱՍԱ-ն պաշտօնապէս ներկայացուցած է իր 28 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրը՝ 2024 թուականին կրկին Լուսին ոտք դնելու վերաբերեալ:
Անգլիոյ մէջ ներկայացուած է աշխարհի ամենաթանկարժէք ականջակալներէն մէկը։ Չինական QDC ընկերութիւնը ներկայացուցած է Blue Dragon (Կապոյտ վիշապ) կոչուող գերթանկարժէք ականջակալները, որոնց ստեղծման համար ձեւագծիչները մօտաւորապէս 18 ամիս վատնած են:
Աշխարհահռչակ դերասանուհի Սոֆիա Լորեն տասնամեայ ընդմիջումէ յետոյ ժապաւէնով մը կը վերադառնայ։ Այսպէս, 20-րդ դարու ամենագեղեցիկ դերասանուհիներէն մէկը՝ Սոֆիա Լորեն, նկարահանուած է «Կեանքը առջեւդ է» (La vita davanti a sé) վէպի պաստառաւորման մէջ, որ Netflix-ի եթերին վրայ կը հեռարձակուի նոյեմբերի 13-ին։
Սնունդը կարեւոր է մարդու կենսագործունէութեան, անհրաժեշտ սննդարար նիւթեր ու ներուժ ստանալու համար։ Ուստի զարմանալի չէ, որ մասնագէտներ յաճախ կը շեշտեն առողջարար մթերք ուտելու անհրաժեշտութիւնը։
Այս տարի Ամանորի տօնակատարութիւնը Թայմս Սքուերի վրայ տեղի կ՚ունենայ առցանց ձեւաչափով։ Այսպէս, Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ Թայմս Սքուերի վրայ Ամանորի աւանդական տօնակատարութիւնը տեղի կ՚ունենայ առցանց ձեւաչափով:
Ամերիկահայ աստղ Քիմ Քարտաշեան աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տան հագուստով լուսանկարներ հրապարակած է։ Այսպէս, Ամերիկեան Keeping Up With the Kardashians շոուի աստղ Քիմ Քարտաշեան Instagram-ի իր էջին վրայ հեղինակաւոր Balmain նորաձեւութեան տան հագուստով լուսանկարներ ու տեսանիւթեր հրապարակած է՝ նորաձեւութեան տան ստեղծագործութեան տնօրէն Օլիվըր Ռուսթէնին շնորհակալութիւն յայտնելով նուէրներու համար:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դռնփակ նիստով մը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Զօրակցութիւն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներու միջնորդական կեդրոնական դերակատարութեան նկատմամբ:
Արցախի ռազմական գործողութիւնները շաբաթավերջէն ի վեր կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Այս մթնոլորտին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընթերցողներս ինչքա՛ն կրնան զարմանալ կարդալով այս խորագիրը։
Անցեալ կիրակի առաւօտուն Արցախի սահմանին երկայնքով ընթացք առած ռազմական տարողունակ գործողութիւնները ամբողջութեամբ փոխեցին մեր առօրեան ու մեր ընդհանուր օրակարգը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը։
Հայաստան հաղորդեց, որ իր օդային մարզէն ներս թրքական F-16 մը խոցած է հայկական զօրքերու ռազմաօդանաւ մը, որու օդաչուն ալ զոհուած է. Թուրքիա հերքեց լուրերը:
Արցախի ճակատի երկայնքով բախումները կը շարունակուին:
«Բացառիկ են այս պատերազմի ո՛չ միայն թափն ու ծաւալը, այլեւ՝ ռազմագիտական բաղադրիչները։ Փաստացիօրէն, մենք կը վարենք հինգերորդ սերունդի պատերազմներուն բնորոշ գործողութիւններ»:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս կատարուած արարողութեան ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար։
ԵՐԱՄ
Քանի մը օր անց Պամի ճամբուն վրան էր Զանան։
Առաւօտ կանուխ նստեր էր Շէյխի կարգադրած բեռնակառքը, վարորդին կողքին, եւ հետեւեր էր Երեւանի, յետոյ ամբողջ Հայաստանի իր աչքին առջեւ սահիլ երթալուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Արցախի վերջին արիւնալի իրադարձութիւններուն շուրջ։
Մինչ Թուրքիոյ մէջ հանրային կարծիքը լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւի ռազմական գործողութիւններուն, երէկ, Պատրիարքարանի փողոցէն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դրօշակներով ինքնաշարժներու շարասիւն մը անցաւ՝ որպէս ցոյց։