Արխիւ
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը դաշտի վրայ կը գործադրուի փուլ առ փուլ։ Երէկ, Քարվաճառի շրջանը վերջնականօրէն անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օրերն ու շաբաթները կ՚ուզեմ արագ թերթել: Թերթերու արանքներու մէջ կը փնտռեմ իմ Արցախի ճակատագիրը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայ հրապարակագիր, մանկավարժ, վիպասան եւ լրագրող Մատթէոս Մամուրեանի ծննդեան 190-ամեակի յոբելենական տարին է 2020 թուականը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. արդարացումը ո՞ւրկէ կու գայ:
-Եսասիրութենէն: Արդարացումը կը վռնտէ Աստուծոյ շնորհքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կեանքի նեղութիւններէն, դժուարութիւններէն եւ տառապանքներէն կը գանգատինք. կեանքի մէջ չկայ պահ մը, որ անոնց հետ կերպով մը չդիմաւորուինք։ Այս զգացումները շատ սովորական է դարձած, քանի որ կեանքի ուրախ օրերը աւելի քիչ են, քան նեղութիւններով լեցուն օրերը։
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու դէմ ծնունդ առած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ Այս առաւօտ խորհրդարանը արտահերթ ժողով մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով երկրէն ներս ռազմական դրութեան բաւ համարուելու նիւթը։
Ցաւով տեղեկացանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լուսանկարիչ եւ գեղարուեստական գործիչ Զաւէն Սարգսեան։ Սերկէյ Փարաճանովի տուն-թանգարանի տնօրէնն էր ան, որ 73 տարեկան հասակին հեռացած է կեանքէ։ Իր կորուստը ստեղծած է մեծ ցաւ։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր հետեւանքներու յաղթահարման անյետաձգելի գործին ձեռնարկելու համար կարելի չ՚ըլլար քաղաքական նոր կլիմայ մը ստեղծել:
Հայաստանի ներքին տագնապը պատճառ կը դառնայ ժամանակի մսխումի: Կառավարութեան կազմի փոփոխութիւնները անհեռանկար: Յայտնի գործիչներ հացադուլի սկսան:
Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Փութինի հետ, որ վերջին օրերուն իրերայաջորդ կապ հաստատեց նաեւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ:
Մոսկուա Երեւանի եւ Պաքուի հետ կը շօշափէ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաարգելափակման եւ տնտեսական համագործակցութեան վերաբելեալ հարցեր:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ըստ իրեն, եթէ Հայաստան դատարկէ իր բռնագրաւած տարածքները եւ սկսի բնականոնացումը, ապա Թուրքիա այս նիւթերուն շուրջ քայլեր պիտի առնէ Ատրպէյճանի հետ։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Վանաձորի Ս. Գրիգոր Նարեկացի Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ թեմակալ առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչութեան յանձնախումբը քահանայական ձեռնադրութեան առթիւ լոյս ընծայեց «Կանոն ձեռնադրութեան քահանայի» խորագրեալ գրքոյկը, եկեղեցական ու եկեղեցասէր շրջանակներու գործածութեան համար։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աստուած մեզի հետ էր՝ Արցախի, Շուշիի, Հադրութի, Քուպաթլուի, Զանգելանի, Ֆիզուլիի, Ճեպրայիլի, Ակնայի, Քարվաճառի, Բերձորի մէջ։ Աստուած մեր զինուորի, մեր կամաւորներու կողքին էր՝ ամուր բռնած անոնց ձեռքէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Արժանապատուութիւն»ը իր ամենալայն առումով՝ մարդուն որպէս անձ ունեցած պատիւն է։ Այս իմաստով արժանապատուութիւնը սերտօրէն կապուած է անձին՝ որ անհատապէս կ՚որոշէ զայն, ինքնութիւն կու տայ անոր եւ անհատին, հաւաքականութեան մէջ վարկը ցոյց կու տայ։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
«Քե՛զի՝
Ինձմէ 46 սերունդ յետոյ եկող, զաւակս Հայկեան,
Ես մեր պատմութեան ամենէն երջանիկ եւ ամենէն դժբախտ մարդն եմ։
Կեանքս հիւսուեցաւ մեր պատմութեան ամենէն խրոխտ դրուագով, Ոսկեդարով։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երկար տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն կը բերէ իր նպաստը թրքահայ կրթական կեանքին։ Նախկին ատենապետ հոգելոյս Յարութիւն Շանլըի գլխաւորութեամբ ձեւաւորուած նախընթացները ներկայիս ալ կը շարունակուին եւ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը միշտ հաւատարիմ կը մնայ մեր համայնքէն ներս կրթադաստիարակչական գործին սատար կանգնելու սկզբունքին
ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ
Դժոխային օրեր են:
Կորսնցնելիք վայրկեան իսկ չկայ:
Փաշինեան իր տարիներու ազգակործան ու հայրենակործան գործունէութիւնը թագադրեց գաղտագողի ստորագրելով փաստաթուղթ մը, որուն անփոփոխ գործադրութիւնը անմիջական սպառնալիք է Հայաստանի գոյութեան ու հայութեան ապագային:
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Անմարսելի, անընդունելի…. Իւրաքանչիւր երկրի ղեկավար պատասխանատու է իր ստորագրածին համար։ Փաշինեանի պարագային՝ նոյնպէս։ Քաղաքական պատասխանատուութիւն կրելը անխուսափելի է։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հացում. Ինչո՞ւ համար Քրիստոս կամաւորապէս մեռաւ:
Պատասխան. վերը չորս պատճառի համար ըսուեցաւ, եւ հիմա ալ կ՚ըսեմ, թէ Ադամի եւ անոր որդիներու ու մեր Տիրոջ մահը տարբեր են, որովհետեւ Ադամի մահը ներգործութենէ եղաւ, երբ պտուղը կերաւ, քանի որ եթէ կերած չըլլար, չէր մահանար:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած տարածքներուն վրայ կան հարիւրաւոր հայկական պատմական, մշակութային, կրօնական կառոյցներ, որոնք եռակողմ համաձայնագրով պիտի անցնին Ատրպէյճանին: