Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Բանաստեղծ Յուսիկ Արա (բուն անունով՝ Ֆելիքս Եղիազարեան) ծնած է 1967-ին Արարատի մարզի Մրգաւէտ գիւղը: Յաճախած է Երեւանի թիւ 10 միջնակարգ դպրոցը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ այս տողերը թուղթին կու տամ, Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտ դարձեալ կը հրթիռակոծուի։ Կը հրթիռակոծուին նաեւ Շուշին, Մարտակերտը ու ամենակարեւորն է, որ շաբաթ կէսօրին յայտարարուած հրադադարը դարձեալ յայտնուած է փլուզելու վտանգին առջեւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Հրանդ Մոսկոֆեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Աշխարհաքաղաքական եւ ռազմական տեսանկիւնէն պատերազմներու աւարտին միշտ կ՚ըլլան յաղթողներ եւ պարտուողներ։ Իսկ մարդկային տեսանկիւնէն, ոչ ոք չի յաղթեր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կը խօսուի լեզուի մասին, ընդհանրապէս կը ծագին հարցեր, հարցումներ, որոնց գլխաւորներն են. «Լեզուն միջո՞ց մըն է թէ նպատա՛կ մը», եւ կամ «Մայրենի լեզու, ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ», եւ այս հարցումներու նման հարցեր կը յուզեն եւ կը զբաղեցնեն խորհող միտքեր։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020

Եգիպտոսի մէջ յայտնաբերուած է քսանեօթ դագաղ, որոնք թաղուած են աւելի քան 2500 տարի առաջ, որ իր տեսակին մէջ ամենամեծ գտածոն է:
Անհաւանական գտածոն յայտնաբերած են Գահիրէի մերձակայքին գտնուող հին Սաքքարայի մէջ աշխատող հնագէտները:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադար հաստատելու ուղղեալ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի ջանքերը դատապարտուած են, եթէ համաձայնութիւնները չեն երաշխաւորեր հայկական զօրքերու ետ քաշուիլը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020

Արցախի պատերազմին զուգահեռ մինչ երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցան բանակցութիւններ, Երեւանի մէջ ալ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան Միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ անտեսելով յայտարարուած հրադադարը՝ Ատրպէյճան ժամը՝ 12.05-ին ձեռնարկած է յարձակումի մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ երկու շաբթուան լայնածաւալ պատերազմի ծանր պայմաններուն ներքեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցաւ առաջին ուղղակի շփումը:
Մինչ Արցախի ճակատին վրայ ռազմական գործողութիւնները նոյնութեամբ շարունակուեցան՝ Լաւրով, Մնացականեան եւ Պայրամով աւելի քան տասն ժամ բանակցութիւններ վարեցին Մոսկուայի մէջ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արցախի մէջ 27 սեպտեմբերին սկիզբ առած ռազմական գործողութիւններու ընդհանուր հունը մտահոգիչ փուլ կը մտնէ։ Մտահոգիչ՝ այն առումով, որ կրակը ունի բաւական «համոզիչ» հիմքեր եւ առկայ հակամարտութիւնը դուրս կու գայ Արցախի շփման գիծի սահմաններէն ու կը տարածուի Կովկասով մէկ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այս օրերուն արժէ դարձեալ եւ դարձեալ կարդալ Գարեգին Նժդեհի հետեւեալ մտածումները:
- Ճշմարիտ առաջնորդներ չեն նշանակւում - նրանք փնտռւում են, յայտնւում, պարտադրւում: 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայոց Եկեղեցին, Սրբոց Թարգմանչաց յիշատակի տօնին յաջորդող օրերը հռչակած է «Մշակոյթի շաբաթ» եւ այս շրջանին է, որ կը յիշատակուի սքանչելի՜ հրաշքը՝ Հայ Գիրերու գիւտին յաջորդող թարգմանութիւնները կատարող թարգմանիչներուն նուիրական եւ սրբազան աշխատանքը։ Այս շրջանը անուանուած եւ տօնուած է նաեւ «Մշակոյթի ամիս»։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020

«Վարլըք» գրական-գեղարուեստական ամսագրի անցեալ ամսուան թիւին մէջ լոյս տեսած է շատ հետաքրքրական թարգմանութիւն մը, որով կը բացայայտուին թրքական շարժանկարի ու թատերական աշխարհի պատմութեան զանազան ծալքերը։ Յայտնի պարբերականի անցեալ ամսուան թիւին մէջ տեղ գտած է 1950-ական թուականներուն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մէջ լոյս տեսած, Վահրամ Պալըքճեանի կողմէ ստորագրուած յօդուածներու թարգմանութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020

Հայկական ճարտարապետութեան գոհարներէն՝ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր Տաճարը աւերուեցաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ:
Եկեղեցին դիտումնաւոր ձեւով ռմբակոծուեցաւ՝ երբ նկուղին մէջ ապաստանած էին կանայք, երեխաներ եւ տարեցներ: Երեւան ծանրակշիռ դէպքը որակեց՝ մարտահրաւէր քաղաքակիրթ մարդկութեան դէմ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020

Հոկտեմբեր ամսու երկրորդ շաբաթ օրը, ահա շուրջ 1615 տարիէ ի վեր, հայ ժողովուրդը կը նշէ իր Սուրբ Թարգմանիչներուն տօնը։ Իսկ հոկտեմբերի երկրորդ կիրակի օրը, ամէն տարի, Հայ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, տեղի կ՚ունենար Ե. դարու Թարգմանչաց Շարժումին խորհուրդով հաղորդուելու Սուրբ Պատարագ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը տեղեկացուց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը դատապարտէ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ թիրախաւորումը. ստորեւ՝ յայտարարութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ միտումնաւոր ռմբակոծման մասին հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Իմաստութիւնը կեանքով կը վարձատրէ իրեն ապաւինողները եւ ապահովութիւն կու տայ անոնց՝ որոնք իրեն կը կռթնին՝ որպէս Տիրոջ։ Իր իմաստութեամբ է որ Աստուած երկրին հիմերը դրաւ, գիտութեամբ հաստատեց երկիրները», (ԱՌԱԿ. Գ 18-19)։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2020

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար եւ մանկավարժ Ռոմանոս Մելիքեան 1 հոկտեմբեր 1883 թուականին ծնած է Ղզլար, Ռուսաստան։
Տասն անշունչ իրեր, որոնք շատ բան կը պատմեն երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար եւ մանկավարժ Ռոմանոս Մելիքեանի մասին:

Էջեր