Արխիւ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Համակարգիչի պաստառին վրայ պատկերներ կը թերթէ: Բնութեան պատկերներ՝ ծով, ովկիանոս, անտառներ, գետեր, ջրվէժներ, գունեղ երկինք... Կը նշմարէ Հիւսիսային բեւեռներու երկնակամարին գծագրուող հիասքանչ լուսերեւոյթը՝ աւրորան, որ կը կրէ բնութեան բոլոր երանգները եւ կը պարէ սառցապատ լեռներուն կամարին, սպիտակը կը գունաւորէ եւ կարծես կ՚օժտէ զայն բոլոր այն գոյներով, որոնցմէ զրկուած է երկրին այս հատուածը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ ընդհանրապէս մէկու մը արժէք կու տան իր արտաքինը նկատի ունենալով, զոր օրինակ, իր ասպարէզին համեմատ եւ շատ անգամ կ՚անտեսեն բուն իսկ «անձ»ը։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի սատարողները։
Արցախի հայկական կրօնամշակութային ժառանգութեան պահպանման մարտահրաւէրը ներկայիս այժմէական դարձած է ամբողջ հայաշխարհէն ներս։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ բոլորը կը փորձեն իրենց նպաստը բերել այս կարեւոր պայքարին։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շարունակէ զօրակցիլ լիբանանահայ վարժարաններուն։ Ըստ նախընթաց օր հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան, հիմնարկը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն կը նուիրէ 700 համակարգչային սարք։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ սկսած երկխօսութեան ծիրէն ներս հնարաւորութեան պատուհան մը գոյութիւն ունի։ Ըստ իրեն, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած վերջին խորհրդակցական հանդիպումը անցած է դրական մթնոլորտով։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել երկրի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու կենսական իրաւունքներու ենթարկուած վտանգներուն դէմ։ Արման Թաթոյեան, որ վերջին օրերուն Սիւնիքի մարզը այցելելէ վերջ հրապարակած էր ծաւալուն տեղեկագիր մը, այժմ հանրային կարծիքի նկատառման զգայացունց տուեալներ յանձնած է՝ վերստին այցելած ըլլալով Գեղարքունիքի մարզը։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար. «Մեր կարմիր գիծն է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Երեւան եւ Թեհրան կը կարեւորեն Կովկասի կայունութիւնը, նաեւ այդ ուղղութեամբ շինիչ գործակցութեան ոգիով աշխատանքը:
Քոչարեան Հայաստանի առկայ պատկերը կը մեկնաբանէ առարկայականօրէն, իրատես մօտեցումով:
Քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ նախկին նախագահը հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ Անթիլիասի Դպրեվանքի տեսուչ նշանակուեցաւ Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։
Նորանշանակ տեսուչը ձեռնադրուած եւ օծում ստացած է 2012 թուականին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, երէկ, Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան նշանակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանական խորհուրդի ատենապետ եւ Մայր Տաճարի լուսարարապետ։ Նորին Սրբազնութիւնը մինչ այդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէնն էր եւ ներկայ նշանակումով արդէն կ՚ազատուի այդ պարտականութիւններէն։
Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի Բանակի օրը։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին հետ կը համընկնի այս տարուանը։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ հրապարակուած պատգամին մէջ նշուած է, որ այս տարուան Բանակի օրը ունի տարբեր խորհուրդ մը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պատերազմները մարդկային արհաւիրքներ են: Պատերազմ հրահրողները մարդկային խումբերն են՝ պետութիւնները: Զէնք վաճառելու, շատ դրամ վաստակելու, նոր տարածքներ ձեռք բերելու համար կը սկսին պատերազմներ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան խօսելով «Սփութնիկ Արմենիա»ին, շատ կարեւոր տեղեկութիւններ յայտնած է այս օրերուն ամէն հայ քրիստոնեան մտահոգող հարցերուն մասին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. մեղքի մը մէջ իյնալս Տիրոջս զիս լքելուն արդի՞ւնք է:
-Ո՛չ. Աստուած մեզ չի՛ լքեր, որպէսզի մեղանչենք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքի շատ խօսքերը կը պարզուին բնական պատմութեան զանազան ճիւղերուն վերաբերեալ տեղեկութիւններով միայն։ Զոր օրինակ, (Բ ՕՐՆ. ԼԲ 11-13) համարներուն մէջ խնամքը զոր Աստուած ունի իր ժողովուրդին վրայ՝ կը նմանցուի այն խնամքին, զոր արծիւը ունի իր ձագերուն վրայ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սեպտեմբերի մէկէն սկսեալ անհամբեր կը սպասէինք մայիսի քսանհինգին՝ վերջին զանգին: Իսկ ամառնային արձակուրդներու հոլովոյթին կը կարօտնայինք դպրոցն ու մեր ընկերները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այն բոլոր ժամանակները՝ որ կեանքի ընթացքին մարդ կ՚ապրի, անոնց վրայէն սրարշաւ կը թաւալի, մեծ եւ փոքր խոռոչներով ծածկուած են։ Այն խոռոչները՝ որ կեանքի ձմեռը թողած է ժամանակի ընթացքին։
Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Մարսէյլի մէջ հայկական մշակոյթի կեդրոնին վրայ գործուած յարձակման կապակցութեամբ։
«Յարձակումը Մարսէյլի հայկական եկեղեցւոյ մշակոյթի կեդրոնին վրայ խիստ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ։
Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին կը շարունակէ Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն հետ իր խորհրդակցութիւնները՝ երկրի դիմագրաւած ներքին քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ։ Ռուս դեսպանը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերէն «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեանի հետ։