Արխիւ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին մեծ շուքով նշեց Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուած տաղաւարի Հայրապետական Ս. Պատարագը այս տարի եւս մագնիսացուց համայն հայութեան ուշադրութիւնը։ Սուրբ Էջմիածնի վերանորոգեալ Մայր Տաճարին մէջ երկար ընդհատումէ մը վերջ դարձեալ հնչեց Ս. Յարութեան աւետիսը։
Քրիստոնեայ աշխարհը միասնաբար նշուած Ս. Յարութեան տօնէն օր մը վերջ, Մեռելոցի օրով, խոր սուգի մատնուեցաւ. ոչ եւս է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը։
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեց Ս. Զատիկը։ Քաղաքիս զանազան թաղերէն ներս կազմակերպուած դասընթացքներուն մասնակից փոքրիկ, պատանի կամ երիտասարդ մարզիկները զիրար շնորհաւորեցին եւ տօնական ուրախութիւնը բաժնեցին աւանդական հաւկթամարտերով։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցան զատկական ճոխ տօնակատարութիւններ։ Բոլոր դասարաններու տղաքը հաղորդ դարձան տօնական հրճուանքին։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ տօնական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, «Կոմիտաս» սրահին մէջ մնայուն բնակիչներուն համար սարքուեցաւ Ս. Զատկի սեղան մը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի աւանդական ընդունելութեան ժամանակ խորհրդածութիւններ ըրաւ համայնքային հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ:
Սուրբ Յարութեան տաղաւարը հոգեւոր հրճուանքի առիթ դարձաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, քաղաքիս բոլոր եկեղեցիները հիւրընկալեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ճամբորդութեան ընթացքին եթէ կը հանդիպիմ նոր պատահարներու եւ դրուագներու, բայց նաեւ անոնք մտածել կու տան ինծի ապրած թէ ապրող իրավիճակներու վրայով։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ամէն տարի, մեր մայրերն ու մեծ մայրերը, այսպէս կոչուած՝ մեծ Զատիկին կամ պաշտօնական անուանմամբ Սուրբ Յարութեան տօնին համար, կը պատրաստեն նոյնինքն զատիկի կարկանդակը (քաաքէն):
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Մէկ շաբաթէ իվեր հեռաձայնիս մէջ կուտակուած Ծաղկազարդի բոլոր բացիկները ջնջեցի։ Չափանիշ եղաւ կարծես. եթէ շատ ծանօթ-բարեկամ ունիս, ուրեմն այնքան ալ առցանց շնորհաւորանք կը ստանաս, որեւէ լեզուով քեզ կը շնորհաւորեն օրէ օր զարգացող մեր բացիկները, քանզի վերջ չունին «յառաջընթաց»ի աս ճամբան ու թուային հարթակներու վրայ հաստատուած անգիր կանոնները.
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Զատկական, գարնանային ուրախ եւ պայծառ օրեր են։ Անցեալի համեմատ կը թուի, թէ կեանքը բարւոք է եւ ուրախութիւնները, վայելքը հասանելի են ամէն մարդու․․․ Մինչդեռ անցեալին հայութեան մեծ հատուած մը զրկանքի օրեր ապրած է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին վաղը պիտի նշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը:
Տօն մը, որ սովորական տօներէն տարբեր է իր ունեցած իմաստով եւ իր բերած բարեփոխութեամբ մարդկային կեանքին վրայ:
ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Աւետարանները կը պատմեն մեզի, որ Զատկուայ առաւօտ իւղաբեր կիները գացին այցելելու Յիսուսի գերեզմանը. ժայռափոր գերեզման մը, որուն մուտքը փակուած էր յոյժ մեծ քարով: Անոնց սրտերը սգաւոր էին այդ առաւօտ եւ ուրբաթ օրուան իրենց աչքերուն արցունքը չէր սրբուած տակաւին. կորուստի ցաւը, հիասթափութեան կոտտանքը, անհասելի յոյսի թանձրութիւնը հսկայական քարի մը ծանրութեամբ կը կշռէր անոնց վրայ, փակելով իրենց սրտերը:
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Կեանքի տեւողութեան շարունակ կը հետեւինք ու կը վազենք ամէն տեսակի շահու ետեւէ. կ՚ուզենք շահիլ դրամ, կ՚ուզենք շահիլ յաջողութիւն, կ՚ուզենք շահիլ մէկու մը սէրը, կ՚ուզենք շահիլ մէկու մը բարեկամութիւնը եւ զանազան բաներ, որոնցմով կը կարծենք, թէ պիտի երջանկանանք։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ զաւակները արդէն զիրար կ՚ողջունեն Ս. Յարութեան տաղաւարի աւետիսով։ Բոլորը կը գիտակցին այս տարի եւս Ս. Զատիկը միասնաբար դիմաւորելու արժանի դարձած ըլլալուն իմաստին եւ ուրախութեան։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն տօներուն գագաթնակէտը հանդիսացող Ս. Յարութեան տաղաւարը հասած է։ Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ամենէն ակնկալուած եւ կեդրոնացնելու զօրութեամբ լի համաքրիստոնէական արժէքն է սա։
ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Ինչպէս հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր, այս տարի եւս անհամբեր կը սպասենք մեր եկեղեցիներու զուարթ ղօղանջին, որ մեզ անգամ մը եւս պիտի աւետեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ծանօթ իրողութիւն է, թէ վախու զգացումը ընդհանրապէս իր ազդեցութեամբ կու գայ ալեկոծել մարդկային կեանքը, մանաւանդ երբ մարդ դէմ յանդիման կը մնայ անսպասելի իրողութեան մը հետ։
Ահա՛ հասանք կրկին մեր եկեղեցական օրացոյցի զենիթին՝ Տէր Յիսուսի փառահեղ յարութեան դէպքին, որ այնքան էական է մեր հաւատքին համար, որ կու տայ արդարօրէն տարուայ բոլոր կիրակիներուն իր իմաստը:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Աւագ շաբաթն է նորէն…
Ծաղկազարդէն մէկ օր առաջ միայն կը սկսի զատկական արձակուրդնիս եւ մայր ու աղջիկ՝ երկուքս ուսուցչուհի, կ՚ուզենք մասնակցիլ եկեղեցական բոլոր արարողութիւններուն, որոնք Երուսաղէմի մէջ բացառիկ են, նաեւ պատրաստուիլ Զատիկին, որովհետեւ Խթման գիշերը մի՛շտ մեր տունը կը հաւաքուինք։
