ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ նախագահեց Էջմիածին քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսումը կատարելագործելու համար մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, շաբաթավերջը անցուց Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս դպրանոցը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան մեծագոյն ձեռքբերումներէն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միաբաններէն Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեանը եւ Տ. Արտակ Աբեղայ Տիւշէնեանը, որոնք տարեկան արձակուրդով կը գտնուին քաղաքիս մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Ասորի կաթոլիկ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսի շնորհաւորական այցելութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, քորոնաժահրի համավարակի, ապա Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր անհանգստութեան պատճառաւ, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական շնորհաւորութեան փոխադարձ այցելութիւնները յետաձգուած էին։
Երէկ, Տեառնընդառաջի առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ս. Գայիանէ վանքէն ներս տեղի ունեցան արարողութիւնները։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջի տօնը, որ կը խորհրդանշէ քառասուն օրուան մանուկ Յիսուսի ընծայումը տաճար։ Բերկրառատ տօնի սկիզբը ազդարարուեցաւ երէկ երեկոյեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատօնակը տեղի ունեցաւ աւանդական շուքով։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս շաբաթավերջին գումարուեցաւ Թեմական պատգամաւորական ժողով, որու ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ նոր առաջնորդի ընտրութիւն։ Այսպէս, թեմակալ առաջնորդ ընտրուեցաւ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատուրեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Ֆրանսայի հայոց թեմէն ներս։
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսումնառութեան համար մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, շաբաթավերջին Ս. Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցեցաւ Գուգարաց թեմէն ներս։ Վանաձորի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագին յաջորդեց երիտասարդաց օրհնութեան կարգը։