ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներս այս օրերուն՝ Ս. Անդրէասի յիշատակութեան տօնի շրջանին, արտասովոր մթնոլորտ կը տիրէ։ Ամէն տարի այս առաքեալի տօնին զուգահեռ կը նշուի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան հաստատման տարեդարձը։
Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներս այս օրերուն՝ Ս. Անդրէասի յիշատակութեան տօնի շրջանին, արտասովոր մթնոլորտ կը տիրէ։ Ամէն տարի այս առաքեալի տօնին զուգահեռ կը նշուի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան հաստատման տարեդարձը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց մասնաւոր հաւաք մը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթին մասնակցութիւն բերին թէ՛ Լոս Անճելըսի շրջանի եկեղեցականները եւ թէ թեմի յարաբերաբար աւելի հեռաւոր շրջաններու եկեղեցականները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս հայութեան հրատապ հարցերը միշտ օրակարգի վրայ:
Միաբաններու միջեւ խորհրդակցութիւն, ինչպէս նաեւ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու լիագումար նիստեր:
Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմէն ներս այս շրջանին կը նկատուի աշխուժութիւն։ Այսպէս, շաբաթավերջին Նէօշաթելի եւ շրջանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի 7 անդամներուն ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ, ինչ որ մանաւանդ՝ համավարակով պայմանաւորուած ընդհանուր լռութեան շրջանէ մը վերջ ծիսական գործունէութեան վերաշխուժացման կարեւոր նախադրեալ մըն է։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս օրերուն կը մնայ դարմանման տակ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը երէկ ունեցան ջերմ զրոյց մը:
Պատրաստակամութիւն՝ միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ մարտահրաւէրները համատեղ ջանքերով դիմագրաւելու համար:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այսօր անակնկալօրէն ջնջած է Իսթանպուլ ժամանումը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։ Նորին Սրբութիւնը հայրապետական այցելութեամբ մեկնած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմը։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ քաղաքս։ Կը տեղեկանանք, որ Նորին Սրբազնութիւնը Իսթանպուլ պիտի գայ մասնակցելու համար Յունաց Պատրիարքարանին կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովի մը։
Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (San Gregorio Armeno) եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք աղօթք մը։ Խորքին մէջ, սա շատ յատկանշական արարողութիւն մըն էր, որուն միասնաբար նախագահեցին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Նափոլիի վիճակաւոր Արքեպիսկոպոս Միմմօ Պաթալիա։