ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան այս շրջանին կ՚ողջունէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արդէն ուղիղ հինգ տասնամեակ առաջ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ այդ ընթացքին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս անընդհատ բերած է իր բազմակողմանի ծառայութիւնը։