ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի քահանայապետական համալսարանի՝ Անճելիքումի համալիրէն ներս միջեկեղեցական հանդիսաւոր աղօթք եւ գրքի ծանօթացման հաւաքոյթ:
Կարտինալ Քոխ. «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին բոլորէն աւելի կարողացաւ արտայայտել հայ ժողովուրդի զգայնութիւնը, իր պատգամը թէեւ խորապէս կը պարփակէ իր ժողովուրդի փորձառութիւնը, սակայն ունի համընդհանուր եւ համամիութենական արժէք։ Սա հնարաւորութիւն է տօնելու Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու բարեկամութիւնն ու անոնց իսկական հաղորդութիւնը»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ 7-11 մարտին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Այս շաբաթավերջին Փրակի մէջ նախատեսուած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) Եւրոպայի շրջանային համաժողովը։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ նաեւ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդն է, պիտի նախագահէ այս համաժողովին եւ բացման խօսքով մը հանդէս պիտի գայ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին ի Տէր հանգած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Տ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրպէրեան։ Շաբաթ վաղ առաւօտեան ժամերուն վախճանած է ան եւ իր վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգերը նախատեսուած են այսօր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խորհրդաւոր ժամանակաշրջանին հայցել Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ փրկութեան շնորհին արժանանալու համար: