2022 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ
2022 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է Սփիւռքի տարի։ Ինչպէս հաղորդած էինք, անցեալ շաբաթավերջին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի հանդիսաւորապէս ընթերցուած էր համապատասխան հռչակագիրը։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2022 թուականը հռչակած է «Սփիւռքի տարի»։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը 2003 թուականէն ի վեր իւրաքանչիւր տարին կը բնորոշէ՝ հայ ժողովուրդի կեանքին հետ աղերսակից կարեւոր դէպքով մը, յոբելեանով մը կամ երեւոյթով մը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով տօնախմբեց Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ իր աշխարհացրիւ հօտին ուղղեալ տօնական պատգամը:
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս հայրապետական Ս. Պատարագի, աշխարհացրիւ իր հօտին տուաւ տաղաւարի պատգամը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Սուրբ Ծնունդի եւ Կաղանդի եղանակը սերտօրէն աղերսուած է «նուէր»ի գաղափարին հետ, որուն հոմանիշներն են «շնորհք», «պարգեւ» եւ մասամբ «ողորմութիւն» բառերը: Նուէրներ տալն ու առնելը վերածուած է այս եղանակին հետ առընչուած գողտրիկ աւանդութեան մը, որ ինքնին կը ստեղծէ ոգեւորութիւն ու խանդավառութիւն:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ-ը, որուն կ՚ընկերանային շարք մը բարձրաստիճան հոգեւորականներ։