ՄԻԱԾՆԱԷՋ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԳՄԲԷԹԻ ԽԱՉԸ ՎԵՐԱՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ
Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առթիւ երէկ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հաւատացեալները հերթական անգամ հոգեւոր մեծ հրճուանք ապրեցան։ Այսպէս, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը, որ Արարատեան տօներու շաբաթը կը պսակէ։