ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԺՈՂՈՎ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Հայաստանի «Կլոր սեղան» միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի տարեվերջի ամփոփիչ ժողովը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն նախագահեց եւ ներկաներուն իր օրհնութիւնը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
Արեւելք-Արեւմուտք միջազգային կաճառի նախագահ ու գործադիր տնօրէն Ուիլիըմ Փարքըր երէկ այցելեց Երեւան, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան Ուիլիըմ Փարքըր այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր տեսակցեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։
Նորակազմ Կրօնական ժողովը, նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ-պատրիարք՝ ՆԱ.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Եպիսկոպոսի գումարուեցաւ 12 դեկտեմբեր 2019, հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ շնորհաւորական մը ուղարկած է ընտրեալ-պատրիարք Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։
«Հայրենիքի եւ ընտանիքի գաղափարները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակութիւններուն մէջ»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Քիշան Տան Տեւալը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւններուն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր անմոռանալի բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս յոբելենական ձեռնարկը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց երգչախումբը ներկայիս համերգային շրջագայութեան մը ձեռնարկած է՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ։ Երգչախումբի վարիչն է Շահէ Քեշիշեան։