ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզէն հիւրեր, որոնք ներկայացան Գեղարքունիքի թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեանի ուղեկցութեամբ։
Կիլիկեան Աթոռի գահակալի կաթողիկոսական օծման 25-ամեակին առթիւ փայլուն արարողութիւններ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հեռակապով հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպայի երկիրներու Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներու, հայրապետական պատուիրակներու եւ առաջնորդական տեղապահներու հետ։
Քորոնաժահրի համավարակի օրերուն, Պատրիարքական Աթոռոյ «Արմաշ» մատենաշարէն, որպէս տասն եւ երրորդ հատոր լոյս տեսաւ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասէն Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի «Յովհաննէս Սրկ. Վրդ.ի մատենագիտութիւնը եւ խրատական գործերը» խորագրեալ աւարտաճառը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ ԳՀԽ-ի ժողով գումարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Ընդդէմ Եհովայի վկաներուն» գիրքը։ Կիլիկիոյ Աթոռի հոգելոյս միաբաններէն Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանն է այս գործին հեղինակը։
Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առթիւ երէկ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հաւատացեալները հերթական անգամ հոգեւոր մեծ հրճուանք ապրեցան։ Այսպէս, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը, որ Արարատեան տօներու շաբաթը կը պսակէ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին վաղը պիտի նշէ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր իրադարձութիւն մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի ղեկավարի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը։