ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Գանատայի վարչապետը շաբաթավերջին ջերմ այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ Ճասթին Թրիւտօ ապագայի իր տեսլականով մեծ նպաստ մը կը բերէ խաղաղ աշխարհի կառուցման՝ որպէս երիտասարդ ու եռանդուն առաջնորդ: