ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռոյ 85-րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացին հետ առընչուած Պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան համար 17 յուլիս 2019, չորեքշաբթի, ժամը 17.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած նիստին Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ անդամներուն առընթեր մասնակցութիւն բերին համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2018-2019 ուսումնական շրջանի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ձեռնարկի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։
Վեհափառ Հայրապետը նոր սերունդին կը պատգամէ ներգրաւուիլ ազգային կեանքին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոսկուայի Պետական համալսարանի վերատեսուչ ակադեմիկոս Վիքթոր Սատովնիչիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Իրեն կ՚ընկերանար Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիաւ Պելոցերքովսքին, որ վերջին օրերուն Հայաստանի ղեկավարութեան յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներու պատմական առընչութիւններուն եւ ընդհանրութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն։
Վեհափառ Հայրապետի մաղթանքն է, որ հայ ժողովուրդի զաւակները ապրին Ս. Էջմիածնի օրհնութեան ներքեւ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիսաւոր հաւաքոյթ՝ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց շաբաթավերջին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած 12 նորաօծ քահանաները։ Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Տ. Սիոն Արք. Ադամեան, որ կատարած էր ձեռնադրութիւնը։
Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ամերիկահայ ուխտաւորներ, որոնք մեկնած էին Ֆիլատելֆիայէն։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ֆիլատելֆիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ Քհնյ. Գէորգեանի կողմէ գլխաւորուած ամերիկահայ ուխտաւորները այս օրերուն հոգեւոր մեծ հրճուանք կ՚ապրին Հայաստանի մէջ։