Եկեղեցական

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Անգ­լիոյ նո­րան­շա­նակ դես­պան Ճու­տիթ Ֆար­նուըր­տը։ Ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։

ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիսաւոր աղօթք մը՝ աշխարհի խաղաղութեան համար։
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան եւ Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւոր առաջնորդները համախմբուեցան Ս. Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ։

ՆՈՐ ԽԱՉԵՐՈՒ ՕԾՄԱՆ ԿԱՐԳ

Ե­րե­ւա­նի ա­րուար­ձան­նե­րէն Ա­րաբ­կիր թա­ղա­մա­սին մէջ ներ­կա­յիս կը կա­ռու­ցուի նոր ե­կե­ղե­ցի մը, ո­րու շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը կ՚ըն­թա­նան թա­փով։ Մինչ այս մեծ թա­ղա­մա­սի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կը սպա­սեն ի­րենց նո­րա­կա­ռոյց ա­ղօ­թա­տան բաց­ման՝ ե­րէկ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը օ­ծուե­ցան այս ե­կե­ղեց­ւոյ խա­չե­րը։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՕՐԱՑՈՅՑՆԵՐԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յեց 2016 թուա­կա­նի ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րա­ցոյց­նե­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան օ­րա­ցոյ­ցը կազ­մուած է Շի­րա­կի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մի­քա­յէլ Եպսկ. Ա­ջա­պա­հեա­նի կող­մէ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հայ մարմ­նակր­թա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀՄԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտի­չեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։ Այս առ­թիւ Գառ­նիկ Մկրտի­չեան նշեց, թէ կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րը այս օ­րե­րուն մէկ­տեղուած են Հա­յաս­տա­նի մէջ, ինչ որ յա­ւե­լեալ ե­ռանդ մը կու տայ ի­րենց բո­լո­րին։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Սեր­պիոյ Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու պա­լա­տի նա­խա­գահ Եան Հա­մա­չէ­քը, ո­րու կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան։ Հիւ­րե­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէր Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Է­տուար Շար­մա­զա­նով։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­քին էր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան» հրա­տա­րակ­չու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մը, գլխա­ւոր խմբա­գիր Յով­հան­նէս Այ­վա­զեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։ Այս առ­թիւ Յով­հան­նէս Այ­վա­զեա­նին ներ­կա­յա­ցուց «Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան»ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով վեր­ջերս լոյս տե­սած «Գրատ­պու­թիւն եւ գրքա­րուեստ» հան­րա­գի­տա­րա­նի հրա­տա­րա­կու­թեան, նաեւ յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րուն։

Էջեր