ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ՈՒ ՇԱՏ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս նոր գիրք մը լոյս ընծայեց՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։ Թովմա Մեծոփեցիի «Յիշատակարան»ն է այս մէկը։ Բնագրին զուգադիր՝ գործը կը բովանդակէ գրաբար եւ աշխարհաբար։