Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԵՊՍԿ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՄԱՐՄՆԻ ԱՆԴԱՄ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ
Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդի (ԵԵԽ) գագաթաժողովը, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ, եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ ԵԵԽ-ի գագաթաժողովի օրերուն տեղի ունեցաւ Կառավարման խորհուրդի անդամներու ընտրութիւն, որու արդիւնքով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատուիրակութենէն՝ Անգլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան ընտրուեցաւ այդ խորհուրդի անդամ։
ԳՀԽ-ի անդամները երէկ այցելութիւն մը տուին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Քառօրեայ ժողովները բացուեցան Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ուխտաւորներ։ Օքլընտ քաղաքի (Գալիֆորնիա) Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովէլ Քհնյ. Օհանեանի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ՝ «Թուֆաեան» հայորդեաց տան երդիքին տակ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերապատրաստման դասընթացներու մասնակից եկեղեցականներու հետ։
Այս տարի կը լրանայ Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Հռիփսիմէ վանքի հիմնադրութեան 1400-ամեայ յոբելեանը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ յատուկ յանձնախումբ մը ստեղծուեցաւ՝ յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպման համար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իտալիոյ նորանշանակ դեսպան Վինչենցօ տել Մոնաքոն։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ազգային կեանքէ ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու հետ անոր ջերմ յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին ձօնուած գիտաժողով մը։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Համբարձման տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։