ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Կեչառիսի պատմական վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայութեան կը կոչուին երիտասարդ հոգեւորականներ:
Կեչառիսի պատմական վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայութեան կը կոչուին երիտասարդ հոգեւորականներ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան ընթացքին խօսեցաւ հետեւեալ դամբանականը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ նշանակեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը։
Երկար տասնամեակներէ ի վեր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի պաշտօնը կը վարէր այն եպիսկոպոսը, որ կը գտնուէր Փարիզի մէջ։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւակցագիր մը յղեց Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս, Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին։ Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցականին մէջ նշուած է հետեւեալը:
Տ. ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Հինգ տաղաւարներու վերջինը՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը վայելելու կը պատրաստուինք։
Եթէ գարնան օրերուն հանդիպող Ս. Զատկի տօնը բնութեան ծաղկումին ու ուրախութեան նման հաւատացեալներու սիրտին ու հոգիին յարութեան աւետիսը ու յոյսը կը ներշնչէ, հոգ չէ թէ աշունը իր դեղնած բնութեամբ ու մելամաղձոտ երեւոյթով յուզէ մարդը, ճիշդ հակառակը, Ս. Խաչի տօնը կեանքի զանազան պատճառներով հաւատացեալներու սրտին ու հոգիին մէջ տեղ առած յուզումները, յուսահատութիւնները, ծանրաբեռնուածութիւնները կը փարատէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն վերապատուելի Զաւէն Խանճեանի։
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ ազգի միասնականութեան զօրակցման գործին մէջ։
UCLA-ի վերատեսուչ, կենսաբան, ակադեմիկոս Ճին Պլոկ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Ան երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Ամերիկեան այս հեղինակաւոր համալսարանի վերատեսուչին կ՚ուղեկցէր UCLA-ի «Տէյվիտ Կեֆըն» բժշկական քոլէճի համաղեկավար Տքթ. Էրիք Էսրայիլեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանահայ գործարարներու միութեան անդամները, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն Հայաստան։ Այս միութեան նախագահն է Մուրատ Աքեիւզ։ Գերմանահայ գործարարներուն ուղեկցեցան Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան եւ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Ախլցխա» պարախումբի սաները։ Հարկ է նշել, որ այս համոյթը կը գործէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի Ախալցիխէի հոգեւոր տեսչութեան հովանաւորութեան ներքեւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց World Vision միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան Եւրոպայի տարածքաշրջանային ֆորումի մասնակիցները։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ։