ՏԻԵԶԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀՐԱՇՔ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով, հոգեւոր ցնծութեան մթնոլորտով տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի խորանէն տաղաւարի Ս. Պատարագի ընթացքին իր աշխարհացրիւ հօտին փոխանցեց Ս. Զատկի կենարար աւետիսը:
Աշխարհասփիւռ հայութեան ընդհանրական հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը վաղը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի տայ իր տաղաւարի պատգամը։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աշխարհացրիւ իր հօտը կ՚առաջնորդէ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան մեծ տաղաւարին:
Հունգարիոյ «Փիթէր Փազման» կաթոլիկ համալսարանի վերատեսուչին այցելութիւնը:
«Աւանդական արժէքներ, արդի մարտահրաւէրներ» խորագրեալ հետաքրքրական հաւաք:
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ուքրայնոյ թեմէն ներս շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս թեմին շնորհեց հովուապետական այցելութիւն մը, որու ընթացքին Քիեւի մէջ հանդիսապետեց թեմի առաջնորդանիստ նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց երկու ուշագրաւ գիրքեր։ Առաջինն է Սուրբ Էջմիածնի միաբան, Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի «Քարոզներ եւ ակնարկներ» ժողովածոն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերջին օրերուն լոյս ընծայեց երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1955-1994) երկերու ժողովածոյի երկրորդ հատորը, որ ձօնուած է լուսաւորչահաստատ Մայր Աթոռի 130-րդ գահակալի ծննդեան 110-ամեակին։