ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆՇԷ ՄԻՋԻՆՔԸ
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցով այս տարի Միջինքը կը նշուի այսօր՝ Մարտի 7-ին:
Միջինքը, որ կը կիսէ Մեծ պահքը, հայոց մէջ նշուած է ժողովրդական շարք մը ծիսակատարութիւններով: Անիկա կը նշուի Մեծ պահքի 24-րդ օրը։
Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն՝ Միջինքին հայ տանտիկինները կը թխեն բաղարջ, որուն մեջ կը դնեն մետաղադրամ: Որուն որ բաժին կը հասնի այդ դրամը, այդ տարի յաջողութիւն կ՚ունենայ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց երկու ուշագրաւ գիրքեր։ Առաջինն է Սուրբ Էջմիածնի միաբան, Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի «Քարոզներ եւ ակնարկներ» ժողովածոն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերջին օրերուն լոյս ընծայեց երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1955-1994) երկերու ժողովածոյի երկրորդ հատորը, որ ձօնուած է լուսաւորչահաստատ Մայր Աթոռի 130-րդ գահակալի ծննդեան 110-ամեակին։
Մեծ պահոց շրջանի հանգստեան ժամերգութիւն-հսկման արարողութեան ատեն յատուկ մաղթանք:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ թափով յառաջ կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքներ:
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջը՝ քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի՝ տաճար ընծայման տօնը։ Այս առթիւ երէկ երեկոյեան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ ազդարարուեցաւ այս կարեւոր տօնը։ Երեկոյեան ժամերգութեան յաջորդեց նախատօնակը, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ տարուան առաջին Անդաստանի կարգը։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի յուղարկաւորութեան ու վերջին օծման կարգը։ Արարողութիւններուն նախագահեց եւ վերջին օծումը կատարեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սրբոց Վարդանանց յիշատակի տօնը:
Օր՝ քահանայական ծառայութեան արժեւորման, պանծացման, փառաբանութեան եւ ներշնչանքի:
Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ արարողութիւն՝ Ս. Էջմիածնի մէջ: