ԵՐԿՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԲԵՐԿՐԱՆՔԸ
«Աստուծոյ հակառակ ընթացքները կը շարունակեն ալեկոծել մարդկութեան կեանքը, ծանրաբեռնել հոգերով ու մտահոգութիւններով։ Գիտական ու փորձագիտական հսկայական յառաջընթացով հանդերձ՝ մարդկութիւնը կ՚երերայ բարիի եւ չարի, կեանքի եւ մահուան ընտրութեան առջեւ։ Երկխօսութիւններու մեր օրերուն բազում մարդիկ կը դառնան զոհ անհանդուրժողականութեան, կրօնական ատելութեան, ահաբեկչութեան, կ՚ենթարկուին զանազան բռնութիւններու»։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով ու ցնծութեամբ տօնախմբեց տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը տօնական պատգամին մէջ իր աշխարհացրիւ հօտին հայեացքը հրաւիրեց բեթղեհէմեան աստղալոյսին վրայ։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք հայրապետական պատգամը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութենէն հանդէս եկաւ համայն հայութեան ուղղեալ Ամանորի պատգամով։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով նոյնութեամբ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամանորի կէս գիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենան աւանդական արարողութիւններ։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 31 Դեկտեմբերին, ժամը 24.00-ին, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին եւ Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի գոհաբանական մաղթանք, որուն պիտի յաջորդէ Նռնօրհնէքի արարողութիւն։
Երէկ, Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակութեան օրը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայող սարկաւագներու տօնն էր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Պատարագիչն էր Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գուգարաց Թեմէն ներս երէկուան օրը եղաւ յատկանշական:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ» մրցանակաբաշխութիւնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, մայրավանքի համալիրէն ներս, «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆայեան» Հայորդեաց տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի եւ Հարաւային Կովկասի Աւետարանական-Լուտերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Մարքուս Շոխը։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց եպիսկոպոս Շոխը՝ արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթելով անոր նոր հանգամանքին մէջ։