«ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉ»ՆԵՐԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ» մրցանակաբաշխութիւնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, մայրավանքի համալիրէն ներս, «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆայեան» Հայորդեաց տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի եւ Հարաւային Կովկասի Աւետարանական-Լուտերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Մարքուս Շոխը։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց եպիսկոպոս Շոխը՝ արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթելով անոր նոր հանգամանքին մէջ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգի տնօրէնին յայտարարութիւնները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ մտահոգութեամբ կը հետեւի Երուսաղէմի վերաբերեալ վերջին զարգացումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Երուսաղէմը պաշտօնապէս Իսրայէլի մայրաքաղաքը ճանչնալու որոշումը լուրջ անհանգստութիւն յառաջ բերած է թէ՛ Հայ Եկեղեցւոյ եւ թէ քրիստոնէական քոյր եկեղեցիներու ու կրօնական այլ յարանուանութիւններու մօտ։
«Սուրբ Յովհան Օձնեցի իմաստասէր երանելի կաթողիկոսը եւ իր ժամանակը»:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին շաբաթավերջին տօնախմբեց Հայոց աշխարհի առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներու յիշատակի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիր այս առաքեալներուն ձօնուած տօնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Արարատի բնագիրները» գիրքի երկրորդ հատորը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս տեսած այս գործը հրատարակութեան պատրաս-տած է Սուսաննա Նահապետեան։
Հայրապետական պատգամ՝ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան դժուարութիւններու մթնոլորտին մէջ:
ՎԱՐԱԳ Ա. ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ աւագ հիւպատոս Մուհամմէտ Ահմէտ Հաճը Իպրահիմը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բարեմաղթանքներ յղեց դեսպանին՝ նշանակման առթիւ։ Ան մաղթեց, որ նորանշանակ դեսպանը ունենայ արդիւնաւէտ առաքելութիւն՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան շարունակման։