ԿԱՐԵՒՈՐ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
«Սուրբ Յովհան Օձնեցի իմաստասէր երանելի կաթողիկոսը եւ իր ժամանակը»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի մէջ կը նշուի երանաշնորհ հայրապետի գահակալութեան 1300-ամեայ յոբելեանը, որ կ՚արժեւորուի բազմակողմանի զեկուցումներով:
«Սուրբ Յովհան Օձնեցի իմաստասէր երանելի կաթողիկոսը եւ իր ժամանակը»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի մէջ կը նշուի երանաշնորհ հայրապետի գահակալութեան 1300-ամեայ յոբելեանը, որ կ՚արժեւորուի բազմակողմանի զեկուցումներով:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին շաբաթավերջին տօնախմբեց Հայոց աշխարհի առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներու յիշատակի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիր այս առաքեալներուն ձօնուած տօնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Արարատի բնագիրները» գիրքի երկրորդ հատորը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս տեսած այս գործը հրատարակութեան պատրաս-տած է Սուսաննա Նահապետեան։
Հայրապետական պատգամ՝ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան դժուարութիւններու մթնոլորտին մէջ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Սփիւռքը կ՚ապրի ազգային եւ հայրենասիրական զգացումներով»:
ՎԱՐԱԳ Ա. ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Այս Շաբաթ, մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, տօնն է հայ եկեղեցւոյ հիմնադիրներու եւ հայոց առաջին Լուսաւորիչներու՝ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն։
Արդարեւ, Քրիստոսի համբարձումէն ետք, Հայաստան աշխարհը պատիւը ունեցած է քարոզութեան վայր ըլլալու Քրիստոսի երկու առաքեալներու՝ Թադէոս եւ Բարթողիմէոսի, որոնց դամբարանները իբրեւ վաւերական վկաներ, կը մնան սրբազան ուխտատեղիները Հայաստան աշխարհին մէջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ աւագ հիւպատոս Մուհամմէտ Ահմէտ Հաճը Իպրահիմը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բարեմաղթանքներ յղեց դեսպանին՝ նշանակման առթիւ։ Ան մաղթեց, որ նորանշանակ դեսպանը ունենայ արդիւնաւէտ առաքելութիւն՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան շարունակման։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Թաքսիմի «Ինթերքոնթինենթըլ» պանդոկին մէջ մասնակցեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի տանտիրութեամբ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին, ըստ աւանդութեան, Ս. Անդրէաս առաքեալի յիշատակի օրուան զուգահեռ կը նշէ Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տօնը։
Քաղաքիս Իտալական մշակոյթի կեդրոնին մէջ նախընթաց օր նշուեցաւ միջեկեղեցական յատկանշական յոբելեան մը։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, նորին սրբազնութեան կեցութիւնը պիտի տեւէ շուրջ շաբաթ մը։

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, շաբաթավերջին, ձեռամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։