ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Վեհ. Հայրապետը մասնակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի պատգամաւորական ժողովին։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախագահեց Ուաշինկթընի Անարատ Յղութեան մայր տաճարին մէջ։
Վեհ. Հայրապետը մասնակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի պատգամաւորական ժողովին։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախագահեց Ուաշինկթընի Անարատ Յղութեան մայր տաճարին մէջ։
Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած արդարութեան եւ խաղաղութեան միջկրօնական աղօթքը եզրափակուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին պատգամով։ Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, թէ Հայոց եղեռնի ոճրի ահռելիութեան եւ ահաւորութեան դիմաց նսեմացան պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին բաժին վիճակած տառապանքի եւ կորուստներու միւս դրուագները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայիս 5-ին ժամանեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմը՝ Ուշինկթընի մէջ նախագահելու համար 2015-ի առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Թեմի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանի, Ուաշինկթընի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովսէփ Քհնյ. Կարապետեանի եւ ամերիկահայ ազգայիններու կողմէ։
Ճիպրալթարի եւրոպական հատուածի արքեպիսկոպոս Ռապըրթ Իննէս երէկ այցելեց Պատրիարքարան, ընկերակցութեամբ իր վիճակի դիւանապետ Հայր Մեուրիկ Ուիլիըմսի։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բարձրաստիճան հոգեւորականը, իր կողքին ունենալով Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր հայրապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը՝ Ուաշինկթըն, ուր պիտի մասնակցի 2015-ի առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի փոխանցէ նաեւ օրհնութիւնը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի տարեկան Թեմական-պատգամաւորական ժողովին ժամանակ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2015-ին, Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը:
ՄԵՍՐՈՊ ՔԱՀԱՆԱՅ ԱՐԱՄԵԱՆ
Ապրիլի 12-ին Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կայացած եւ 1915-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած Պատարագին ընթացքին, Ֆրանսիսքոս Պապը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ կամ ուսուցիչ։