ՆԵՐՔԻՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԱՂՈՒԵՐԱՆԻ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին նախաձեռնութեամբ վերջերս տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու համաժողովը։ Աղուերանի մէջ, «World Vision» բարեգործական կազմակերպութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս համաժողովը, որուն մասնակցեցան շուրջ հարիւր կրթական մշակներ՝ ներքին թեմերէն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն գործադրութեան համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին եւ Ս. Վլատիմիր ուղղափառ ճեմարանին (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) միջեւ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Սուրբ Վլատիմիր Ուղղափառ ճեմարանի տեսուչ Տքթ. Ճոն Քհնյ. Պեռին, որուն կ՚ուղեկցէր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չեւեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մեկնեցաւ արտասահման։ Նորին Սրբազնութեան ուղեւորութեան առաջին փուլը կը հանդիսանայ Մուսկուան, ուր ան կը հիւրընկալուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմին կողմէ։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարհաց Գիւտի տօնին եւ Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Արարողութեանց մասնակցեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, քահանայից դասու անդամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան վերջին օրերուն այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ։ Ան շուրջ շաբաթ մը մնաց քաղաքիս մէջ եւ իր կեցութեան օրերուն իջեւանեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։