ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով։ Նիստի աւարտին ԳՀԽ հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով։ Նիստի աւարտին ԳՀԽ հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, որ վերջին օրերուն ուղեւորութեան մը ձեռնարկած էր դէպի Հոլանտա եւ Պելժիա, այսօր կը վերադառնայ Թուրքիա։ Ան այցելութեան օրերուն մասնակցեցաւ զանազան եկեղեցական արարողութիւններու եւ տեսակցեցաւ՝ իր այցելած շրջաններու՝ մանաւանդ նախկին թրքահայ հաւատացեալներուն հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակութեան տօնին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տօնին օրը ամէն տարի կը կատարուի Պիւյիւքտէրէի համանուն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն կ՚այցելէ Եւրոպա։ Դէպի Հոլանտա եւ Պելժիա այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս երէկ առաւօտ ան մասնակցեցաւ Լիէժի մէջ մատուցուած հայածէս Ս. Պատարագին, որուն նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Հունգարիոյ Արեւելքի քրիստոնէութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնին եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ համագումար մը։ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը եւս մասնակցեցաւ համագումարի բացման։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը հակադարձէ Հայաստանի իշխանութիւններու կեղծ յայտարարութիւններուն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը միշտ մտահոգ՝ սահմանագծման անուան տակ տարածքային միակողմանի զիջումներուն համար:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ մէկտեղուեցաւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից եկեղեցականներու հերթական խումբին հետ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Հալլէ քաղաքի «Մարթին Լութհեր» համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէէն պատուիրակութիւն մը, որ կը բաղկանար դասախօսներէ եւ ուսանողներէ։
Սպանիոյ մայրաքաղաքէն ներս Հոգեգալստեան տօնի շաբաթավերջին յատկանշական արարողութիւն:
Կարտինալ Խոզէ Քոպօ Քանօ եւ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան դրական պատգամներով հանդէս եկան:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հերթական՝ 122-րդ թեմական պատգամաւորական ժողովը վերջերս գումարուեցաւ Մասաչուսեցի մէջ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ ծաւալուած աշխատանքներուն ներկայ էր նաեւ Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան։