ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՃՇՄԱՐԻՏ ԲԱՆԱԼԻՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն յիշատակը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս առթիւ նախագահեց Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնակատարութիւններուն, որոնց մասնակցեցան շուրջ 250 եկեղեցականներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնակատարութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց՝ շաբաթավերջին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ քահանայ ձեռնադրուած 11 նորաօծ հոգեւորականները։
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը։
Մայր Աթոռի տասնմէկ երիտասարդ միաբան օծում ստացաւ Տ. Օշական Եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանի կողմէ:
Պիւյիւքտէրէի Սանթա Մարիա լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Անցեալ շաբաթավերջին ահաբեկչական յարձակման ենթարկուած այս սրբավայրը համարուած էր պղծուած։
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը կը շարունակէ հիւրընկալել օտարերկրեայ դիւանագէտներ։ Նման շփումները վերջին շրջանին խտացած են՝ մինչ հայ Երուսաղէմը կը դիմագրաւէ գոյութենական մարտահրաւէրներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։
Երեսունեւհնգամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սրբոյ Եկեղեցւոյ, երբեմնի հոգեւոր հովուին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցեաց, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր տաճարի եւ հուսկ՝ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ քաղաքիս եւ երբեմնի անդամուն Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ փոխեցաւ առ Աստուած ի յոյս կենացն յաւիտենից յամին 2024, յ31ն Յունուարի յաւուրն Չորեքշաբթւոյ, ի ժամու առաւօտեան։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու այնքան համակրելի եւ բազմավաստակ անդամներէն Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան երէկ վախճանած է՝ մեծ ցաւ յառաջացնելով եկեղեցական շրջանակներէն ներս։