ԱՊԱԳԱՆ ԴԱՌՆԱՅ ՆԵՐԿԱՅ, ՆԵՐԿԱՆ ԴԱՌՆԱՅ ԱՆՑԵԱԼ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամանորը հասած է եւ աշխարհի վրայ չկայ անձ մը, որ կաղանդի ծառի կանաչը տեսնելով չհմայուի եւ իր յոյսը չդնէ գալիք տարուան վրայ։ Անժամանակ Աստուծոյ մարդոց մօտ դրած ժամանակացոյցի խաղալիքը կրկին անգամ կ՚աշխատի եւ մարդիկ Ամանոր բառին առընթեր կը վերյիշեն յոյսի եւ բարեմաղթանքներու գաղափարները։
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց՝ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան նախընթաց օր կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Սուրբ Երկրի Լատին կաթոլիկ պատրիարք Փիէռպաթիստա Փիցապալայի Արքեպիսկոպոսին։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Ս. Յակոբեանց միաբանութենէն ներկայացուցիչներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Ծնունդի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի Լատին կաթոլիկ պապական նուիրակ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպիսկոպոսին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շարունակեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանունութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն այցելութիւններ տալ՝ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հանդէս եկաւ պարզաբանումով մը։ Այսպէսով, դժբախտաբար, յայտնի կը դառնայ, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Ամանորի գիշերուան ուղերձի հեռարձակման հարցը այս տարի եւս պիտի չկարգաւորուի եւ գործնականօրէն Հանրային հեռուստաընկերութիւնը պիտի չսփռէ այս պատգամը, որուն այնքան հետաքրքրութեամբ կը սպասէ համայն հայութիւնը։
Երուսաղէմի հիմնական երեք քրիստոնեայ առաջնորդները Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ պաշտօնական ընթրիքով մը հիւրընկալուեցան՝ տեղւոյն Ֆրանսայի աւագ հիւպատոսին կողմէ։