Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան տօնախմբութեան։ Արարողութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, միաբան հայրեր եւ քահանաներ։
Արաբերէնէ թրգմ.՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ կը վերաբերի Արցախի գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հիմնական իրաւունքներու ոտնահարման դէպքին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն հիւրեր։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ասպետ Թաթուլեան եւ Միքայէլ Հավլուճեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ