Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի չորրորդ օրն է:
Եսայիի մարգարէութեան մէջ հետեւեալ հետաքրքրական հատուածը կը կարդանք.
• Բարձրաձայն կանչէ եւ մի՛ խնայեր, ձայնդ փողի պէս բարձրացուր եւ Իմ ժողովուրդիս՝ իրենց յանցանքը ու Յակոբին տանը՝ իրենց մեղքերը յայտնէ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Լիթվայի նորանշանակ դեսպան Էտիթ Մետնէն։ Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցան Տեառնընդառաջի աւանդական տօնակատարութիւններ։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ պատարագեց Տ. Գրիգորիս Քհնյ. Պօղոսեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Տեառնընդառաջի արարողութիւններուն նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տեառնընդառաջի բերկրառատ տօնն ու նորապսակ զոյգերու օրհնութեան օրը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջը, որ կը խորհրդանշէ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայումը։ Երէկ երեկոյեան Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ վառուեցան Տեառնընդառաջի ճրագները։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան նշանակուեցաւ Գուրուչէշմէի Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ ու քարոզիչ։ Ան փետրուարի 1-ի դրութեամբ ձեռնարկեց իր նոր պաշտօնին՝ հոգեւոր վերին իշխանութեան տնօրինութեան զուգահեռ։
Տեառնընդառաջի ժամանակ խարոյկի վրայով ցատկելը հեթանոսութի՞ւն է
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ