ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԱՍԻԼՎԱ ՆՈՐ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ֆրանսահայ նկարչուհի Ասիլվա յառաջիկայ օրերուն ցուցահանդէս մը պիտի բանայ Երեւանի մէջ։ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը յառաջիկայ ամիս տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ եւ այդ գագաթաժողովին զուգահեռ նախատեսուած են բազմակողմանի ձեռնարկներ՝ տնտեսականէ սկսեալ մինչեւ գեղարուեստական բնոյթը։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Աշխատասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հայաստանէն «Նարեկացի» նուագախումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ քաղաքիս մէջ։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր յայտնի մշակութային գործիչ Սեզար Աւետիքեանի ջանքերով։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ գրող Ժուլէթ Պետրոսեան Երեւանի մէջ վերջերս հրատարակած է արձակ բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մը։ «Արեւանա՜լ, երկինքոտուե՜լ» խորագրեալ այս ժողովածոն վերջին ամիսներուն արժանացած է գրասէրներու հետաքրքրութեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է շարժանկարի յայտնի բեմադրիչ Արամ Կիւլեիւզ։ Թրքական շարժանկարի աշխարհէն ներս կարեւոր գործունէութիւն ծաւալած եւ համբաւ ձեռք բերած արուեստագէտ մըն էր Արամ Կիւլեիւզ, որու բեմադրութեամբ արտադրուած բազում ժապաւէնները արդէն իրենց ուրոյն տեղը ունին թրքական շարժանկարի աշխարհի պատմութեան մէջ։
Աշխատասիրեց՝
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ մը։ «Երիտասարդներ կ՚երգեն ու կը նուագեն հոգեւոր երգեր» խորագրեալ երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ խմբավար Հրանդ Չիզմեճեանի գլխաւորութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ շաբթուան սկիզբէն ի վեր գրեթէ ամէն օր մշակութային ձեռնարկ մը տեղի կ՚ունենայ Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս եւ երէկուան համերգն ալ եկաւ համալրել այդ շարքը