Ընկերա-մշակութային

ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 24.1-12:
Պօղոս առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն 5.15-33:
Ղուկասի Աւետարանէն 8.49-56:

ՅԱՐՄԱՐՈՒԱԾ ԻՐԱՎԻՃԱԿԷՆ ՀԵՌԱՆԱԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՄԱՐԴՈՒ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Իրավիճակներու յարմարուելու համատեսքին մէջ ուրախութեան արցունքներու, յետթրաւմայի ճնշումի խանգարման եւ ցուրտ միջավայրէն տաք միջավայրի անցնելու ժամանակ մսելու պատճառները շատ նման են: Թէ ինչպէ՞ս։

«ԿՈՒՉԻԻ ՏՈՒՆԸ». ՍԵՒ ԱՅՐԻՆ՝ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1995 թուականի մարտի 27-ին աշխարհը ցնցեց սպանութիւն մը. իր գրասենեակի աստիճաններուն վրայ վարձու մարդասպանի կողմէ գնդակահարուեցաւ իտալացի գործարար, «Կուչի» նորաձեւութեան հանրահռչակ տան ղեկավար՝ Մաուրիցիօ Կուչին:

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՍԱՐՈՒԽԱՆԻ 125-ԱՄԵԱԿԸ. «ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԵՐԳԻԾԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ»

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Եգիպտոսի մէջ հանդիսաւորութեամբ տօնած են հայ մեծանուն երգիծանկարիչ, հրապարակախօս Ալեքսանտր Սարուխանի ծննդեան 125-ամեակը: Յոբելենական հանդիսութիւնները տեղի ունեցած են «Եգիպտական երգիծանկարչութեան յիշողութիւնը» ծրագրի ծիրէն ներս՝ Աղեքսանդրիոյ գրադարանին պատկանող «Ալսանարի» պատմական տան մէջ:

ԻՆՉՈ՞Ւ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐԴԻԿ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ՎԱՅԵԼԵԼ ԿԵԱՆՔԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ներկայիս վատ տրամադրութիւնը շատ բնականոն է։ Մէկ կողմէ նիւթականի բացակայութիւնը, միւս կողմէ աշխարհով մէկ պայթող ռումբերը անխուսափելիօրէն կը փճացնեն ուրախութիւնը։

ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 22.15-24:
Պօղոս առաքեալին Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն 1.1-14:
Ղուկասի Աւետարանէն 8.17-21:

ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՎԿԱՆԵՐԸ. ԱՊՏՈՒԼԼԱՀԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՀԱՅԱԱՏԱՆԻ ՄԷՋ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մէջ բացուած հերթական ցուցահանդէսը լայն արձագանգներ ու մեծ հետաքրքրութիւն ունեցաւ. «Զարթօնքի վկաները» խորագրեալ ցուցահանդէսը պոլսահայ լուսանկարիչ Ապտուլլահեան եղբայրներու լուսանկարներու՝ Հայաստանի մէջ առաջին յետահայեաց ցուցադրութիւնն է:

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՀԱՐՆԵՐԷՆ «ՀԱՒԱՏՈՎ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ» ԱՂՕԹՔԸ՝ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ 50 ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակչատունը լոյս ընծայած է հայ եկեղեցական գործիչ, աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժշտագէտ, երգահան, պատմիչ, 1166-ին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի յիսուն լեզուներով թարգմանուած հատորը։

ՄԱՐԴՈՑ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ԳԻՒՏԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ինչպէս միւս բոլոր կենդանի էակները, մարդիկ եւս զարգացած են բնական ընտրութեան աստիճանական գործընթացի միջոցով, որ կ՚ապահովէ տուեալ բնապահպանական համատեսքին մէջ գոյատեւելու եւ գոյապահպանման համար անհրաժեշտ սարքաւորումները:

Էջեր