ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԸ
Երէկ երեկոյեան, Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբին համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մօտաւոր անցեալին դիմագրաւած ծանր վերիվայրումներէն վերջ, այս համերգը նոր էջ մը բնորոշեց ընդհանուր գործունէութեան տեսակէտէ։
Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին քայլարշաւ մը կազմակերպուեցաւ համայնքային վարիչներուն համար։ Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Առաւօտուն Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ պուրունքըշլացիներու (Եոզղատ) աւանդական հաւաքը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Համբարձման տօնը բնորոշուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 191-րդ տարեդարձով:
Շիշլի մարզակումբի 43-րդ շրջանի ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ երէկ երեկոյեան եւ արդիւնքին՝ պաշտօնի կոչուեցաւ նորընտիր վարչութիւնը։ Համագումարը տեղի ունեցաւ ակումբի հաւաքատեղիին մէջ։
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Համբարձման տօնի երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձաւ՝ հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի համայնքապատկան կալուածի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման համար ձեռնարկուած երկարաշունչ աշխատանքին։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցան մեներգչուհի Այշէնուր Քոլիվար, դուստրն ու «Վովա» խումբի հիմնադիր Հիքմէթ Չիչէք։ Ինչպէս ծանօթ է, Այշէնուր Քոլիվար կը մեկնաբանէ Համշէնի շրջանի ժողովրդական երգեր եւ վերջերս մեներգչուհի Սիպիլին հետ ալ համատեղ ելոյթներ ունեցաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ՝ Մայրերու օրուան ձօնուած հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտները թէ՛ իրենց մայրերուն եւ թէ իրենց ուսուցչուհիներուն նկատմամբ արտայայտեցին իրենց սէրը։