ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու եւ քոյր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք փութացած էին Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը շնորհաւորելու։
Սուրբ Զատկի Մեռելոցին առթիւ, երէկ, Սահակեան եւ Եշիլգիւղի վարժարաններու սանուց միութիւններուն նախաձեռնութեամբ աւանդական մրցումներ կազմակերպուած էին։ Հանդիպումները տեղի ունեցան Ետիքուլէի մարզադաշտին վրայ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Երեւանի մեր սիրեցեալ բարեկամներէն Մասիս եւ Աննա Վարդանեան-Չերմէ ամոլը բախտաւորուած է անդրանիկ զաւակով մը, որ լոյս աշխարհ եկած է 17 մարտ 2023 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ։
Տօնական բարձր տրամադրութիւնը շաբաթավերջին ամբողջութեամբ համակեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը: Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ պատարագեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Գումգաբուի աւանդական ընդունելութեան ժամանակ համայնքային շրջանակները ջերմօրէն զիրար ողջունեցին՝ փոխանակելով բարեմաղթութիւններ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ համայնքային ընդունելութեան ընթացքին կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, որ մօտաւոր ապագային երկրի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ համայնքային շրջանակները ինչպէս միշտ, պիտի հիւրընկալեն քաղաքական շրջանակներէ գործիչներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Ս. Զատկի տաղաւարի առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի եւ Տիարպաքըրի մեր եկեղեցիներուն մէջ։
ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Համահայկական խաղերը այսուհետեւ պիտի կազմակերպուին երկու տարին անգամ մը՝ ամրան եւ ձմրան:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Սուրբ Զատկի առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Աշակերտները տօնական շրջանը արժեւորեցին զանազան ձեռնարկներով։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն սաներ մասնակցեցան այս հոգեպարար արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։