ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արտաքսման կիրակիի Ս. Պատարագին։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Պաքըրգիւղի Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ընդունեց պոլսահայ միութիւններու ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռի դիւանադպիր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին ընդունեց համայնքային շրջանակներու համակրելի գործիչներէն Արի Չոլաքը։ Այս վերջինը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը չորս տարի վարելէ վերջ արդէն որոշած էր բաւ համարել։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Իրեն ընկերացաւ Սուրբ Գրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Թամար Քարասու:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան։ Կեդրոնական վարժարանի սաներն ալ հետեւեցան հոգեպարար արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ խորհրդաւոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։
Մինչ Թուրքիա կը ջանայ դիմագրաւել իրերայաջորդ երկրաշարժներու ծանր հետեւանքները, երկրէն ներս մեծ նուիրահաւաք մըն ալ սկսած է առկայ ծանր իրավիճակին մէջ հնարաւորութիւնները կեդրոնացնելու եւ զօրակցութիւնը առաւելագոյն մակարդակին հասցնելու համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան եւ «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարիչները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Էրկիւն Վարդգէս Այըքի։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի նախատեսուած հունին մէջ։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն հիման վրայ՝ համապատասխան ժամանակացոյցը կը բանի եւ, ինչպէս ծանօթ է, քուէարկութիւնը նախատեսուած է մարտի 12-ին։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդին անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։