ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՎՈԼԷՅՊՈԼԻ ԵՒ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄՐՑԱՇԱՐՔՆԵՐ՝ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ
2022-2023 կրթական շրջանի աւարտին, ամառնամուտի տրամադրութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ, Մխիթարեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ համայնքային լիսէներու միջեւ մրցաշարք մը։ Հիւրընկալ վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցան հանդիպումները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային վարժարաններու 8-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք այս կիրակի պիտի մասնակցին լիսէներու մտից քննութեան (LGS)։
Շիշլի մարզակումբի երախտաշատ սիւներէն, համայնքային շրջանակներու անմոռանալի մարզական գործիչներէն հոգելոյս Նազար Հանչէր յետմահու արժանացաւ մրցանակի մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Նազար Հանչէր մօտաւոր անցեալին եղած էր յանկարծամահ եւ իր կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Մինչ սրահի մուտքին ներկայացուած էին տղոց գծագրական աշխատանքները, հանդէսի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ուսուցչուհիներ Թալին Չելիք եւ Պուրճու Իլտենիզ։
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին ուղարկուած շնորհաւորականները երէկ արձագանգ գտան «Անատոլու» գործակալութեան թողարկումներուն մէջ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ընտանիքէն Յակոբ Կէօքչէն եւ Ժիրայր Աքմերճանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ այս շաբաթավերջին կը նշուին դպրաց դասու հիմնադրութեան 132-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 87-րդ կրկնակ տարեդարձները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահ Էրտողանը շնորհաւորեց վերընտրուելու կապակցութեամբ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի սկսի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
«Բարեկամ» խմբակը վերջերս այցելութիւն մը տուաւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճըին, որ կը հանդիսանայ իր բարերարներէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյիւպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։